Ահմատինեժատ Հրահանգած Է Ուրմիոյ Լիճի Ցամաքումը Արաքսի Միջոցով Կանխարգիլել

Ուրմիոյ լիճը

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յանձնարարած է Ուրմիոյ լիճը չորացումէն փրկելու համար Արաքսի ջուրերը օգտագործել :

Ան յանձնարարած է Արաքսի ջրամբարէն Սալմաստ եւ Խոյ քաղաքներուն ճամբով ջուր հասցնել Ուրմիոյ լիճ:

Ուրմիան Իրանի եւ աշխարհի մեծագոյն աղի լիճերէն մէկն է, որ վերջերս յայտնուած է չորնալու վտանգին առջեւ:

Կ՛ենթադրուի, որ նախագիծին իրագործումէն ետք գրեթէ 80 առ հարիւրով չորցած լիճը նոր կեանք պիտի ստանայ:

Բնապահպանները մտահոգ են նախապէս 5400 քառակուսի քիլոմեթր մակերես ունեցող լիճին արագ կերպով ցամքելու փաստով եւ կը նշեն, որ յառաջիկայ քանի մը տարուան ընթացքին լիճը կրնայ ամբողջութեամբ անհետանալ:

Լիճի մակերեսին փոքրացումը կ՛ազդէ նաեւ լիճի կենդանական եւ բուսական աշխարհին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES