Նախագահ Սլէյման Աքքարի Երեսփոխաններուն Հետ Քննարկեց Շրջանին Ապահովութիւնը

Աքքարի երեսփոխաններուն հետ հանդիպումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աքքարի երեսփոխաններ Խալետ Տահերը, Հատի Հպէյշը, Խալետ Զահրամանը, Ռիատ Ռահհալը եւ Նիտալ Թոհմէն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Աքքարի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է արգիլել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն Լիբանան թափանցումը:

Նախագահ Սլէյման երեսփոխաններուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հանդարտութեամբ եւ խաղաղ կերպով քննարկել առաջադրուած հարցերը:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Աքքարի երեսփոխանները նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկած են շէյխ Ապտել Ուահետի ու անոր թիկնապահին սպանութեան թղթածրարը եւ հանրապետութեան նախագահէն պահանջած այդ թղթածրարը փոխանցել Արդարադատութեան խորհուրդին, որպէսզի այդ խորհուրդը իր կարգին յանցագործները ըստ արժանւոյն պատժէ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան ջանքերը` պահպանելու համար լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, փոխադարձ գործակցութիւնն ու լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կատարուած ամերիկեան օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի նախագահ Սլէյմանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը` հիւսիսային Լիբանանի իրադարձութիւններէն, յատկապէս սուրիական ուժերուն կողմէ հիւսիսային Լիբանանը ռմբակոծելու արարքին լոյսին տակ:

Քոնելլի կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան` յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անոր հողային ամբողջականութիւնը, ընդգծելով Ուաշինկթընի մտավախութիւնը, թէ սուրիական տագնապը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի ապահովական կայունութեան վրայ:

Քոնելլի ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կառչած կը մնան ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանին:

 

Share this Article
CATEGORIES