«Թուրքիա Պիտի Հետեւի Ցեղասպանութեան Ժխտման Մասին Օրինագիծին Շուրջ Ծաւալող Զարգացումներուն» Ըսաւ Կիւլ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարած է, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին շուրջ զարգացումներուն:
«Թուրքիա չի պատրաստուիր գործելու` հիմք ունենալով դուրսը տարածուած տեղեկութիւնները: Վերջին հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահին հետ քննարկած ենք երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցը», ըսած է Կիւլ: Ան նշած է, որ իրենց համար աւելի կարեւոր են երկկողմ հանդիպումներուն ընթացքին ըսուած խօսքերը:
Կիւլ յիշեցուցած է, որ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հանդիպումին ընթացքին նոյնպէս արձանագրուած է, որ երկու երկիրները կը փափաքին յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ:
Կիրակի օր Ֆրանսայի նախագահական պալատէն յայտարարած էին, որ Հոլլանտ իր նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին արտայայտուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին մասին եւ ատոր հաւատարիմ պիտի մնայ: Աւելի՛ն, Հոլլանտ շաբաթ առաւօտեան Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանին հեռաձայնելով վստահեցուցած էր, որ հաւատարիմ պիտի մնայ իր խոստումին:
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու հարցով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Իւրաքանչիւր գործողութեան համար կայ որոշակի հակազդեցութիւն: Անցեալին նման մօտեցումներու նկատմամբ Թուրքիոյ կեծուածքը յստակ է»: Ըստ անոր, Թուրքիա այժմ ձեռնարկուելիք քայլերուն պիտի հետեւի:

