Նախագահ Սլէյման Այսօր Կը Մեկնի Ֆրանսա
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց իտալական բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները, փոխադարձ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իտալական ջոկատին իրավիճակը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին ընթացքին Հոլլանտ վերահաստատէ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցական կեցուածքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


