«Նախագահ Հոլլանտի Վերահաստատումը, Որ Հայկական Օրակարգը Չ՛առնչուիր Արտաքին Քաղաքականութեան, Մեզի Համար Կը Մնայ Հիմնական Ուղեցոյցը, Մինչեւ Աշուն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հրաչ Վարժապետեան

Հրաչ Վարժապետեան

ԱՖՓ երէկ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան նշեալ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը պատրաստուի աշնան 2-րդ կիսուն կառավարութեան կողմէ ներկայացուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումին սկսելու:

Հոլլանտ շաբաթ առաւօտեան ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Փափազեանին հեռաձայնելով յայտնած էր, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը դարձեալ ներկայացնելու իր կատարած խոստումին: Մէկ օր առաջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, որ այդ օրինագիծին դժուար թէ «յարութիւն տրուի»:

Այս զարգացումներուն շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանումներ ստանալու համար «Ազդակ» երէկ կապ հաստատեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանի հետ:

Ան «Ազդակ»-ին յայտնեց, որ «Ֆրանսուա Հոլլանտի ընտրութենէն ի վեր, նոյնիսկ` նախագահական ընտրապայքարէն ի վեր, թրքական պետութիւնը արդէն իսկ սկսաւ իր խուսանաւումներուն եւ որդեգրեց նոր մարտավարութիւն: Անգարա յայտարարեց, որ Հոլլանտի եւ Սարքոզիի քաղաքականութեանց միջեւ կայ մեծ տարբերութիւն` հայկական օրակարգով, եւ թէ Հոլլանտ աւելի մեղմ ու դրական է Թուրքիոյ նկատմամբ, քան` Սարքոզի:

«Այս մարտավարութեամբ թրքական կողմը կը մտադրէ նաեւ սեպ խրել կամ աւելի մեղմ ըսած` խանգարել Հոլլանտի հետ ֆրանսահայ համայնքի լաւ յարաբերութիւնները: Հոլլանտի ընտրութենէն ի վեր, քանի մը տարբեր առիթներով թրքական կողմի այս քաղաքականութիւնը արձանագրեց քարոզչական յաջող կէտեր: Ֆրանսական մամուլը եւ անոր ճամբով միջազգային մամուլը անմիջապէս արձագանգեցին, եւ պէտք է ընդունիլ, որ որոշ մշուշ պատեց հայկական օրակարգին վերեւ: Առնուազն անոնք յաջողեցան կասկածներ սերմանել Հոլլանտի խոստումներուն շուրջ, զորս տուած էր ան քանի մը տարբեր առիթներով, վերջինը` 24 ապրիլին:

«5 յուլիսին Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով կատարած իր յայտարարութեամբ, արտաքին գործոց նախարար Ֆապիւսի ելոյթը այս առումով եղաւ ամէնէն փոթորկալին: Հայ համայնքը, Ֆրանսահայ կազմակերպութեանց խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի ճամբով անմիջապէս դիմեց նախագահին, որ իր ծանօթ յայտարարութեամբ վերստին հանդարտեցուց արդարօրէն ընդվզած հայ համայնքը` վերահաստատելով իր խոստումը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քրէականացման օրինագիծը անգամ մը եւս պիտի բերէ Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ:

«Երկուշաբթի, 9 յուլիսին, Էլիզէի մէջ Հոլլանտի խորհրդականին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, Փափազեան զեկուցեց, որ օրինագիծը յառաջիկայ աշնան (հոկտեմբեր-նոյեմբեր) պիտի բերուի օրակարգի վրայ, եւ թէ յառաջիկայ 16-30 յուլիսին հայ համայնքի ներկայացուցիչները Էլիզէի մէջ պիտի տեսակցին Հոլլանտի հետ»:

Ըստ Վարժապետեանի, «թրքական այս մարտավարութիւնը եւ քարոզչական այս անորոշ մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ` հակասական կեցուածքներն ու ելոյթները բնականաբար կը դադրին եւ թրքական կողմի մեղրալուսնի պատրանքը կ՛աւարտի ու Անգարա-Փարիզ վերստին ցրտացում կը սկսի, երբ օրինագիծը պաշտօնապէս գայ օրակարգի վրայ: Մինչ այդ, Անգարա պիտի փորձէ ամէն օր օգտուիլ մեղրալուսինի այս ժամանակաշրջանէն»:

Վարժապետեան եզրակացուց, որ «քաղաքականութեան մէջ միշտ ալ թերահաւատութիւնը, աւելի ճիշդ` զգուշաւորութիւնը անհրաժեշտ է: Պէտք է սպասել աշնան` խոստումներու կատարման համար: Մինչ այդ, սակայն, պէտք չէ իյնալ թրքական թակարդին մէջ ու մշուշոտել նախագահի ու իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւնը, ընդհակառակն: Ճիշդ է, որ կան կարեւոր լծակներ այս օրերուն` Անգարան «չնեղացնելու», ինչպէս օրինակ` սուրիական օրակարգը, այսուհանդերձ նախագահ Հոլլանտի կողմէ վերահաստատումը, որ հայկական օրակարգը չ՛առնչուիր արտաքին քաղաքականութեան այդ թղթածրարին, մեզի համար կը մնայ հիմնական ուղեցոյցը, մինչեւ աշուն, որուն ոչ թէ կը սպասենք ձեռնածալ, այլ արդէն իսկ համայնքի միասնական ուժերով կը պատրաստուինք ու կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ»:

 

Share this Article
CATEGORIES