Տօներ-Աւանդութիւններ. Վարդավառ

Վարդավառը քրիստոնէական հինգ տաղաւարներէն մէկն է եւ կը կոչուի «Այլակերպութեան» կամ «Պայծառակերպութեան» տօն:

Եկեղեցւոյ տօնացոյցի մէջ կը յիշուի որպէս շարժական տօն, Զատիկէն 28 օր ետք, եւ կ՛իյնայ որեւէ կիրակի` յունիսի 28-էն մինչեւ օգոստոս 1:

Վարդավառը ամառնային տօն է եւ կապուած է ջուրի պաշտամունքին հետ: Ըստ հայկական աւանդազրոյցին, Նոյ նահապետը իջնելով տապանէն` ամէն տարի այդ օրը կը պատուիրէ իր զաւակներուն իրարու վրայ ջուր  թափել, որպէսզի գալիք սերունդները չմոռնան ջրհեղեղի պատմութիւնը:

Անցեալին Վարդավառը եղած է ուխտագնացութիւններու ամէնէն յայտնի եւ ուրախ տօնը: Մեր նախնիները հաւաքուած են ջուրի ակունքներու մօտ, մատաղ կատարած, կերուխում ըրած, երգած ու պարած են:

Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը այդ օրերուն ուխտաւորներ կ՛ընդունէր Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն եւ քաղաքներէն: Մարդիկ ժամանակ առաջ կը պատրաստուէին այդ ուխտագնացութեան, նոյնիսկ պահք եւ ծոմ կը պահէին:

Տօնին յատուկ էր իրարու վրայ ջուր թափելը, իրարու ծաղիկ նուիրելը, աղաւնի թռցնելը, ցորենի հասկերը եկեղեցի տանիլ եւ օրհնելը, մատաղ ընելը, գիշերային խարուկահանդէսները, խնճոյքները, ըմբշամարտը եւ տարբեր տեսակի խաղ-մրցումները:

                            ***

Տօնը կը զուգադիպէր ցորենի բերքահաւաքին. հետեւաբար մարդիկ իրենց առաջին փունջը խաչփունջ հիւսելով նուէր կը տանէին եկեղեցի` Աստուածամօր սեղանին եւ կը խնդրէին, որ իրենց արտերն ու բերքը պահպանէ:

Երիտասարդ աղջիկները շաբաթ օրը դաշտերէն կը հաւաքէին «վրդիվերի» կոչուող դեղնագոյն ծաղիկներ եւ գեղեցիկ պսակներ կը հիւսէին, որպէսզի գիշերը գաղտագողի նետէին իրենց սիրեցեալին բակը: Իսկ նշանուած աղջիկները ծաղկեփունջերու հետ նաեւ խաչփունջ կը ղրկէին խնամիներուն տունը:

                             ***

Սովորութիւն էր մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտել: Շաբաթ օր երիտասարդները յարդի դէզեր կը շինէին եւ երեկոյեան, երբ մթնէր, կը սկսէին հերթով վառել զանոնք եւ այդ խարոյկներուն մէջ խնձոր կը խորովէին: Այս արարողութիւնը մինչեւ լուսաբաց կը տեւէր: Լուսաբացին կը վառուէր ամենամեծ դէզը, որուն շուրջ երիտասարդները շուրջպար կը բռնէին: Երգասացութիւն կ՛ըլլար, ինչ որ յարմար առիթ էր իրարու հանդէպ ունեցած զգացումները խորհրդաւոր քառեակներով արտայայտելու:

                              ***

Հետաքրքրական է նաեւ Մուշի աւանդավէպը, ըստ որուն, Աստղիկ դիցուհին ամէն առտու կը լոգնար Արածանիի ջուրերուն մէջ: Սիրատոչոր երիտասարդները կը բարձրանային մօտակայ բլուրին վրայ` դիտելու եւ հիանալու անոր գեղեցկութեամբ: Աստղիկը նկատելով այս` ամպերը վար կը քաշէ իր լոգանքը ծածկելու համար:

«Վարդ ի բացուէ առաւօտեան խաղերով,
Իմ եար բախչէն վարդ կը քաղէ մաղերով:
Վարդն ի բացուէ Վարդեւորեան Կիրակին,
Քո սէրն ինկէ մէջ իմ սրտի պուրակին»:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

10 Ուտեստեղէն, Որոնք Կը Զօրացնեն
Երեխային Դիմադրականութիւնը

Երեխային մարմնին դիմադրականութեան զօրացման կը նպաստեն կենսանիւթերն ու հանքայինները: Նախընտրելի է, որ երեխան զանոնք ստանայ բնական սնունդի` պտուղներու եւ բանջարեղէններու միջոցով եւ ոչ թէ դեղահատերու ճամբով: Ստորեւ կը ներկայացնենք 10 մթերքներ, որոնք ամբողջ տարին լաւագոյն ձեւով կը պահպանեն ձեր զաւկին դիմադրականութիւնը:

ԿԱԹ: Կը պարունակէ սպիտակուցներ, ճարպեր, հանքային նիւթեր եւ այլն… Սակայն պէտք է զգուշանալ չափազանց իւղոտ կաթերէն:

ՄԱԾՈՒՆ: Կը պարունակէ կենդանի մանրէներ, որոնք կ՛ապահովեն ստամոքսին եւ աղիքներուն դիմադրականութիւնը:

ԽՆՁՈՐ: Կը կանոնաւորէ մարսողութիւնը: Կը թելադրուի փոքրիկին խնձոր տալ պաղառութեան, կրիփի, յոգնածութեան եւ արեան տկարութեան ժամանակ, նաեւ` հիւանդութիւններէն ետք:

ՍՏԵՊՂԻՆ: կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը ժահրերու դէմ, կ՛օգնէ արեան տկարութեան եւ թուլութեան պարագաներուն: Անոր պարունակած պեթա-քարոթենը անհրաժեշտ է լաւ տեսողութեան համար:

ՄԵՂՐ: Ոչ միայն քաղցրաւենիք է երեխաներուն համար, այլեւ` մարմնին դիմադրականութիւնը զօրացնելու շատ ազդու միջոց: Բացի ասկէ, մեղրը կ՛օգնէ պաղառութիւնը բուժելու, կոկորդի ցաւը եւ հազը դարմանելու:

Չմոռնալ, որ որոշ պարագաներու մեղրը կրնայ գերզգայնութիւն պատճառել ոմանց:

ՀԱՒԿԻԹ: Չափազանց սննդարար եւ մանուկին աճման անհրաժեշտ ուտելիք մըն է: Զայն երեխային տալ մանկաբուժին թելադրանքով եւ անոր ճշդած քանակութեամբ:

ԱԶԱՏՔԵՂ: Օրուան ընթացքին մէկ թէյի դգալ մանրուած ազատքեղը բաւարար է, որ փոքրիկը ստանայ կենսանիւթերու եւ հանքայիններու օրուան չափաբաժինը:

Ապուր կամ գետնախնձորի խիւս պատրաստելու պարագային, անպայման աւելցնել մանրուած ազատքեղ:

ՁՈՒԿ: Ճարպաթթուի անսպառ աղբիւր ձուկը դրական ազդեցութիւն կը գործէ ուղեղին եւ ջղային համակարգին վրայ, միեւնոյն ատեն կը զօրացնէ երեխային դիմադրականութիւնը:

ՀՆԴԿԱՀԱՒ: Շատ առողջապահական միս է, հարուստ` սպիտակուցներով, Պէ. խումբի կենսանիւթերով, երկաթով, զինկով եւ մակնեզիոմով: Նաեւ կը բարձրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը կանխարգիլէ սակաւարիւնութիւնը:

ՍՈԽ-ՍԽՏՈՐ: Ծանօթ են մանրէասպան իրենց յատկութիւններով եւ կը նպաստեն մարմնի դիմադրականութեան բարձրացման:

 

Հայկական Աւանդական Խոհանոց

Տոլմա

Ազգագրագէտներու եւ լեզուաբաններու կարծիքով, «տոլմա» բառը եկած է ուրարտական «տոլի» բառէն, որ խաղողի տերեւ կը նշանակէ: Հաւանաբար տոլման սկզբնական շրջանին պատրաստուած է միայն որթատունկի տերեւով, հետագային նաեւ` կաղամբի, բանջարի (Մուսա լերան մէջ), սերկեւիլի եւ հաղարճի (Արցախի եւ Զանգեզուրի մէջ) տերեւներով:

Աւելի ուշ ընդհանրացած են դդումի, սմբուկի եւ պղպեղի տոլմաները:

Պահքի տոլմայի բազմաթիւ տարբերակներ կու գան փաստելու, որ տոլմայի պատրաստութիւնը շատ հինէն եկած է մեզի եւ կ՛առնչուի բնութեան պաշտամունքին հետ:

Տոլմայի Փառատօն

Երէկ, յուլիս 11-ին, Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն իսկ աւանդական դարձած տոլմայի փառատօնը: Հայկական աւանդական տոլմայի ախորժաբոյր հոտը դիմաւորեց այցելուները` աւելի քան 30 տաղաւարներով:

Տոլմայի փառատօնին յղացումը տեղի ունեցաւ 2011-էն եւ, ըստ կազմակերպողներուն, շարունակական պիտի ըլլայ: Փառատօնին նպատակն է աւանդական կերակրատեսակներու ժողովրդականացումը, նաեւ տոլմայի ներկայացումը որպէս հայկական կերակրատեսակի` հետքերով այն տարածուած սխալ կարծիքը, թէ տոլման թրքական արմատներ ունի:

Փառատօնը, որ նաեւ մրցոյթի բնոյթ ունէր, ընտրեց լաւագոյն համ, լաւագոյն տեսք եւ լաւագոյն մտայղացում ունեցող պնակը: Մրցումին մասնակցեցան Հայաստանի առաջատար ճաշարանները եւ անհատներ` Երեւանէն եւ մարզերէն:

Այս տարուան նորութիւններէն էին` խեցգետինով, հաւով, ձուկով եւ նոյնիսկ քաղցր տոլմաները:

 

Խոհագիր

Գետնախնձորի Լիցք

Բաղադրութիւն

– 12 միջակ չափի գետնախնձոր կեղւըուած եւ միջուկը փորուած
– Ձէթ` գետնախնձորը տապկելու
– 1/2 քկ. քաշուած միս
– 1 միջակ սոխ` մանր մանրուած
– 1/2 գաւաթ սնոպար
– 1 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
– 3/4 թէյի դգալ աղ
– 1/2 թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– 1/2 թէյի դգալ անուշ պահար
– 1/4 թէյի դգալ կասիա
– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 4-5 ապուրի դգալ ձէթ
– 2 գաւաթ լոլիկի թացան

Պատրաստութիւն

1.- Տաքցնել ձէթը խորունկ տապակի մէջ եւ տապկել գետնախնձորները մինչեւ որ վարդագոյն դառնան:

2.- Տաքցնել կարագը եւ ձէթը, աւելցնել սոխը եւ տապկել, մինչեւ որ դեղնի, ապա աւելցնել միսը եւ շարունակել եփել, մինչեւ որ միսը իր գոյնը փոխէ եւ տապկուի: Դնել լոլիկի խիւսը, համեմները, կարմիր պղպեղը: Կրակէն վար առնել եւ աւելցնել  սնոպարը:

3.- Մատները գործածելով` միսի միջուկով լեցնել գետնախնձորները: Զետեղել զանոնք ոչ կպչուն ափսէի մէջ կամ փայրէքսի մէջ, վրան պարպել լոլիկի թացանը, ապա արծաթէ թուղթով ծածկել եւ եփել փուռին մէջ մօտաւորապէս 30 վայրկեան: Կարելի է նաեւ կաթսայի մէջ եփել միջակ կրակի վրայ, մինչեւ որ գետնախնձորները կակուղնան:

4.- Հիւրասիրել բրինձի եղինձի կողքին:

ԾԱՆՕԹ.- Ասիկա թելադրելի ընտանեկան ճաշ մըն է:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լոյսը

Կ՛երթամ աղբի՜ւրը լոյսին…
Ուղին երկար է. սալարկուած է ուղին
Կայծքարերով, ցանկուած` մուրտի փուշերով.
Ուղին շեղ է ճառագայթի մ՛հանգունակ:
Անկէ կ՛ելլեմ` յենլով դողդոջ ծունկերուս:
Եւ ծունկերէս, զոր գամեցին եղբայրներս,
Արիւնըս տաք կը բըղխի:
Հեւքն է` կուրծքիս, թարթիչներուս վրայ` փոշին:
Սիրտըս սափորն է դատարկ,
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…

Լոյսը մարմարն է երկնային հանքերուն,
Որով Արուեստն, անմահական երազով,
Կը քանդակէ ձիւնամարմին աստուածներ:
Իր ծոցին մէջ կը ծընին
Մռայլ Տանթէներն ու Հոմերները հսկայ,
Զոր գիշերուան մէջ խորին
Բանաստեղծները կը խըմեն աստղերէն`
Որ նըւագեն ցերեկուան մէջ` Մարդերուն:
Ան ամէնո՜ւն զինքը կու տայ, ամէնո՜ւն
Կը բաժնըւի, եւ կը մնայ անբաժան
Նըշխարքին պէս., ան նըշխարքն է` որ կ՛իջնէ
Ամէն առտու, սեղաններուն վըրայ մեր,
Մարդեղութեան արիւնլըւայ խորհուրդին:
Ու ես կ՛երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին…

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

(հատուած)

 

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES