«Աշխարհի Տնտեսական Աճը Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Դանդաղի» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»
Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման «Եու. Էս. Էյտ» կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ աշխարհի գլխաւոր երկիրներու տնտեսական աճը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի դանդաղի, բացի Պրազիլէն, որուն տնտեսութիւնը աճ կ՛արձանագրէ:
Կազմակերպութիւնը նաեւ զգուշացուցած է զարգացած երկիրներուն մէջ գործազրկութեան համեմատութեան նախապէս նախատեսուածէն աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակումէն:
Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Էյնճըլ Ճորճիա «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած է, որ 34 երկիրներու իր ցուցակի ցուցանիշը ցոյց տուած է, որ մայիս 2012-ին գործազրկութեան համեմատութիւնը 7.9 առ հարիւրի հասած է, այսինքն` 48 միլիոն գործազուրկի համազօր է եւ 15 միլիոնով կը գերազանցէ 2007-ի վերջաւորութեան արձանագրուած գործազուրկներուն թիւը:
Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ, որ 2013-ի աւարտին գործազրկութեան համեմատութիւնը 7.4 առ հարիւր ըլլայ: Կազմակերպութիւնը նաեւ կը նշէ, որ անդամ 34 ճարտարարուեստականացած երկիրներու տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը մայիսին ապրիլին արձանագրուած 100.4 կէտէն նուազած է 100.3 կէտի, ինչ որ աճի դանդաղեցում կը նշանակէ:
Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ Եւրոյի գօտին աշխարհի զարգացած տնտեսութեանց տկար կէտն է, իսկ այդ գօտիին վերաբերեալ իր ցուցանիշը ցոյց կու տայ, որ անիկա կը շարունակէ նուազիլ` աւելցնելով, որ բոլոր զարգացած երկիրներուն վերաբերեալ իր նախատեսութիւնները եւս քաջալերական չեն:

