«Խորհրդարանը Լուծարելու Եգիպտոսի Զինեալ Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդին Որոշումը Ժողովուրդին Կամքը Չի Յարգեր» Կ՛ըսէ Էրտողան
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ «երկրին խորհրդարանը լուծարելու Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի հրամանը ժողովուրդին կամքը չի յարգեր»:
Ան նշած է, որ «ժողովրդավար խորհրդարանականները երբեք այդպիսի որոշումներ պիտի չընդունին»` յայտնելով, որ «Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը այսպիսի որոշումներ տալով եւ խորհրդարանին գոյութիւնը չընդունելով` ժողովուրդին կամքին նկատմամբ անարգանքով կը վարուի»:
Էրտողան խոստացաւ, որ «Թուրքիա պիտի շարունակէ եգիպտացի ժողովուրդին աջակցիլ` անոր հայրենիքի բարգաւաճում եւ այդտեղ կարգ ու կանոն հաստատելու համար»:
CATEGORIES Միջազգային

