Էօզեըլտըզ Ընդունեց Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները, որոնք յայտնեցին, թէ Էօզեըլտըզ խոստացած է թրքական ջանքերը բազմապատկել` շեշտելով, որ թրքական պետութիւնը այդ ճիգերը շարունակելու ընթացքին մէջ է:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները հաստատեցին, որ Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ առեւանգեալ լիբանանցիները Թուրքիոյ մէջ չեն գտնուիր, այլ` Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ:

Թուրք դեսպանը ընդգծեց, որ Թուրքիա չի ճանչնար լիբանանցիները առեւանգող կողմը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES