Ժիւտօ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 3 Ոսկի Եւ 1 Պրոնզ Մետալի
Երէկ Յորդանանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի ախոյեանութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սէուտական Արաբիա, Իրաք, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Յորդանան, Սուրիա, Եմէն, Պաղեստին եւ Լիբանան:
Լիբանան տիրացաւ 3 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալներու` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. ոսկի մետալ` Ժորժ Մըրհեպ (90 քկ), Քարլ Շամմաս (63 քկ) եւ Օտեթ Մելքոն (78 քկ), իսկ պրոնզ մետալ` Մարի Իվոն (78 քկ եւ վեր):
Երէկ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէի հետ, իմացանք, որ լիբանանցի կարգ մը մարզիկներ զոհ գացին իրաւարարներուն դիտումնաւոր կողմնակալութեան, որուն պատճառով անոնք աւելի քիչ մետալի տիրացան, որովհետեւ քաշուեցան մրցաշարքէն, այդ ընթացքին մէջ չուզելով շարունակել իրենց մրցումները:

