«Եուրոփա Լիկ». Հայկական Երեք Խումբերը Այսօր Կը Կատարեն Իրենց Դարձի Մրցումները
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 12 յուլիսին, հայկական երեք խումբերը` Շիրակ, Գանձասար եւ Փիւնիկ, կը կատարեն իրենց դարձի մրցումները:
Առաջին մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Շիրակի եւ Ռուտատ Փլժեվլժայի միջեւ: Նշենք, որ հայկական երեք խումբերուն մէջ Շիրակը միակն ըլլալով երթին յաղթանակ արձանագրած էր 1-0 արդիւնքով:
Ժամը 18:00-ին Գանձասար, որ երթին պարտուած էր 3-1 արդիւնքով, պիտի հիւրընկալէ Սթրէյմուրը:
Վերջապէս, ժամը 21:00-ին Փիւնիկ, որ երթին 3-0 արդիւնքով պարտուած էր, հիւրը պիտի ըլլայ Զեթա Կոլիւպովչիի:
CATEGORIES Մարզական

