«ՀԱՏԱՐԱ ՄԱ ՊԷՅՆ ԱԼՆԱՀՐԷՅՆ»

Վերջերս լոյս տեսաւ «Թայեար հատարաթ»ի (Ապհաս ուա տիրասաթ 3) հրատարակութիւններու շարքին երրորդը` «Հատարաթ մա պէյն Ալնահրէյն» խորագիրը կրող գիրքը, հեղինակներ` յոյն կաթողիկէ պատրիարքի փոխանորդ Միխայիլ Ապրաս եպիսկոպոս եւ Անի Թորոսեան:

Գիրքը հրատարակուեցաւ մեկենասութեամբ նախկին նախարար Եուսեֆ Թաքլայի:

«Թայեար հատարաթ»ը կը նպատակադրէ լուսարձակի տակ առնել հին մշակոյթները` շեշտելով անոնց կարեւորութիւնը, օգտագործելով այդ պատմութիւնը ներկայ սերունդին մէջ դրսեւորելու անոնց արժէքը, որպէսզի անոնք եւս օգտուին այդ մշակոյթներուն դրական երեւոյթներէն:

«Հատարաթ մա պէյն ալնահրէյն» գիրքը, ըստ պատմական թուականներու հետեւողութեան, կ՛անդրադառնայ սումարիներու, աքքատեաներու, բաբելացիներու, ասորիներու եւ քաղդէացիներու մշակոյթներուն, կը պատմէ անոնց պատմութիւնը` անդրադառնալով անոնց քաղաքական ու մտային մօտեցումներուն, եւ ամփոփ կէտերով կ՛ակնարկէ իւրաքանչիւրին պաշտած աստուածներուն:

Գիրքը կը յատկանշուի նաեւ այն երեւոյթով, որ կը պատմէ իւրաքանչիւր ազգի յատկանշական դէպքերուն մասին, ինչպէս` մարդկութեան անկում, ջրհեղեղ, Բաբելոնի աշտարակ, եւ այլն:

Գիրքը դիւրընթեռնելի է, ամփոփ, առանց աւելորդ մանրամասնութիւններու եւ բաւական հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ ընթերցողին մօտ: Յայտնենք, որ գիրքը կարելի է ստանալ ձրիօրէն` հեռաձայնելով 04/406876 թիւին կամ ե-նամակի հասցէով` [email protected] կամ փոստարկղ` Մեթն/Լիբանան P.O. Box 70/1197:

Share this Article
CATEGORIES