Սուրիոյ Քիւրտերը Բարձրագոյն Քրտական Խորհուրդ Կազմեցին
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քիւրտերու երկու հիմնական կազմակերպութիւնները, որոնք դէմ են երկրի նախագահ Պաշշար Ասատին, չորեքշաբթի օր յայտարարած են, որ միասնական դաշինքի մէջ կը միաւորուին:
Ազգային քրտական խորհուրդն ու այսպէս կոչուած Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժողովրդական խորհուրդը այսուհետեւ միասնական Բարձրագոյն քրտական խորհուրդ կը կազմեն: Միաւորման մասին որոշումը տրուած է բանակցութիւններէ ետք, որոնց մասնաւորաբար մասնակցած է իրաքցի քիւրտերու ղեկավար Մասուտ Պարզանի:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ քիւրտերը կը կազմեն Սուրիոյ բնակչութեան 9 առ հարիւրը: Անոնք արդէն քանի մը տասնամեակէ ի վեր իշխանութիւնները կը մեղադրեն խտրականութեան համար:
CATEGORIES Միջազգային


