Միքաթի Ընդունեց Պըրնզը Եւ Ֆլեչըրի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Ուիլիըմ Պըրնզ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան  վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզը, որ շուրջ ժամը 8:00-ին ժամանեց Լիբանան եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ վարչապետարան:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր յայտնեց, որ շնորհաւորած է վարչապետ Միքաթին 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրը վաւերացնելու առիթով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ եօթը տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի այդ մէկը եւ ցոյց կու տայ, որ կառավարութիւնը յանձնառու է իր ստանձնած պարտականութիւններուն:

Ֆլեչըր ողջունեց նաեւ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը` գնահատելով Լիբանանի պատասխանատուութիւնը` միջազգային իր յանձնառութիւններուն մէջ:

Ֆլեչըր նշեց, որ վարչապետ Միքաթի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 27 յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու բացման պաշտօնական արարողութեան:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որ դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները` երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանելու նպատակով:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Պրիժիթա Իպըրլին, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց Պերլինի մէջ վերջինիս ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES