Թուրք Արձակագիրը Ֆրանսայի Բարձրագոյն Պարգեւին Արժանացած Է` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Չլռելուն Համար
Թուրք յայտնի արձակագիր Էլիֆ Շաֆաք պարգեւատրուած է Ֆրանսայի բարձրագոյն պարգեւներէն «Արուեստի եւ կրթութեան գծով» պատուոյ լեգէոնի շքանշանով: Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Լորեն Պիլի Պոլսոյ ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին արձակագիրին պարգեւը յանձնելով յատուկ կերպով շեշտած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստը յիշատակելու Շաֆաքի արարքը:
Ֆրանսայի դեսպանը մասնաւորաբար ըսած է. «Սկիզբը անգլերէնով գրուած «Հայրը եւ ապօրինի զաւակը» գիրքը 2006-ին թարգմանուեցաւ թրքերէնի` դառնալով ամէնէն շատ վաճառուած գիրքերէն մէկը: Ֆրանսայի եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ գիրքը վաճառուած է աւելի քան հարիւր հազար օրինակով, անիկա գովասանքի արժանացած է տարբեր ազգերու ընթերցողներու կողմէ: Այդ գիրքին մէջ դուք ամենայն մանրամասնութեամբ կանգ առած էք Հայոց ցեղասպանութեան մոռացման վրայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ձեզ դաւաճան եւ թուրք ինքնութիւնը աղարտող նկատեն: Ձեր դէմ դատական գործ յարուցուեցաւ, սակայն, ի ուրախութիւն բոլորիս, դատական գործը փակուեցաւ: Սակայն գիտեմ` ատիկա ձեր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգեց: Սակայն թուրք ժողովուրդին կանխակալ վերաբերմունքը չկոտրեց ձեր` աշխատելու համարձակութիւնը»:


