Պրումմանա Ակումբին Կազմակերպութեամբ Տեղի Ունեցած Մամլոյ Ասուլիսին` Լիբանանի Թենիսի Բաժակի 72-րդ Մրցաշարքը Կոչուեցաւ «Արզի Բաժակ» Անունով

PROFOTO

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Պրումմանա ակումբին, յառաջիկայ 1-21 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի թենիսի բաժակի 72-րդ մրցաշարքը: Այս մրցաշարքը հազիւ աւարտած տեղի պիտի ունենայ Արաբական բարեկամութեան 3-րդ միջազգային մրցաշարքը (23-26 օգոստոս)` հիւրընկալ ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ:

Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու իմաստով, կազմակերպիչ ակումբը իր վարժարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ թիւով բաւական շատ հրաւիրեալներու:

Նշենք, որ Պրումմանայի թենիսի դաշտը, որ կառուցուած է 1889-ին, Լիբանանի առաջին դաշտը եղած է, ուր տեղի ունեցած են տեղական եւ միջազգային մրցաշարքեր:

Առաջին անգամ 1927-ին Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը հիւրընկալած Պրումմանա ակումբը իւրաքանչիւր տարի կը կազմակերպէ այս մրցաշարքը` իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընդմէջէն փոխանցելով նորութիւններ:

Արաբական մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 8 տղաք եւ 4 աղջիկներ, ժամանած` Մարոքէն, Ալճերիայէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Թունուզէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն:

Երկու մրցաշարքերուն յատկացուած գումարն է 25 հազար ամերիկեան տոլար, որուն 7 հազարը` տեղական մրցաշարքին:

Նշենք, որ այս մրցաշարքը հովանաւորող գլխաւոր ընկերութիւնն է «Պեմօ» դրամատունը, բնականաբար այլ հովանաւորող ընկերութիւններու կարգին:

Իսկ մրցումները պիտի պատկերասփռուին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն:

 

Share this Article
CATEGORIES