Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք 2012

Այսօր` շաբաթ, 14 յուլիս 2012-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Համազգայինի ուսանողական հաւաքի Լիբանանի եւ Դամասկոսի 10 մասնակիցները իրենց պատասխանատուներուն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ մեկնեցան Հայաստան`  միանալու տարբեր երկիրներէ ժամանած 30 այլ ուսանողներու:

14 օրերու ընթացքին մասնակիցները ընկերական իւրայատուկ ջերմ մթնոլորտի մէջ պիտի հետեւին հաւաքի յայտագիրին` այցելութիւններ, դասախօսութիւններ, շրջապտոյտ, մշակութային ձեռնարկներ եւ այլն:

Հաւաքի առօրեայ լուրերուն կրնաք հետեւիլ այցելելով www.hamazkayin.com կայքէջը:

Share this Article
CATEGORIES