Պասիլ Ստորագրեց Ելեկտրական Հոսանք Արտադրող Թրքական Նաւեր Վարձելու Յատուկ Համաձայնագիրը
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ստորագրեց ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւեր վարձելու յատուկ համաձայնագիրը` «Քարատենիզ» թրքական ընկերութեան հետ:
Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ թրքական նաւը Լիբանանին պիտի ապահովէ 270 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք` աւելցնելով, որ թրքական առաջին նաւը լիբանանեան ջուրեր պիտի հասնի չորս ամիս ետք` խնդրելով «Քարատենիզ» ընկերութենէն աշխատիլ այդ ժամանակը կարճցնելու ուղղութեամբ:
Պասիլ ընդգծեց, որ այս ծրագիրը կարեւոր է, սակայն անբաւարար: Ան աւելցուց, որ յուլիս ամսուան աւարտին տեղի պիտի ունենայ նուազուրդ մը` վերանորոգելու համար Զուքի եւ Ժիէի ելեկտրականութեան կայանները:
CATEGORIES Լիբանանեան


