Միքաթիի Կողմէ Միջազգային Դատական Ատեանին Ֆինանսաւորումը Կը Բխի Արդարութիւն Բանեցնելու Առումով Անոր Ազգային Եւ Անձնական Համոզումէն

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետ Միքաթիի կողմէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կը բխի արդարութիւն բանեցնելու եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառները բացայայտելու ու այդ բացայայտումը չքաղաքականացնելու Միքաթիի ազգային եւ անձնական համոզումէն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետ Միքաթի Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը այս կամ այն քաղաքական կողմը գոհացնելու համար չի կատարեր` աւելցնելով, որ եթէ Հարիրի ողջ ըլլար, ապա իր վրայ արցունք թափող եւ իր արիւնը տարբեր առիթներով օգտագործողները այլ տեղ պիտի գտնուէին:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր ներկայացուցած կառավարութեան նիստին ընթացքին տիրած մթնոլորտին եւ տրուած որոշումներուն մասին մանրամասնութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES