Բագրատունի Այցելեց Կրթութեան Նախարարին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի` նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին երկարատեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի կրթական ընդհանուր իրավիճակը` սկսելով կրթական մակարդակէն մինչեւ ուսուցիչներու արդար պահանջները:

Բագրատունի նախարարին ներկայացուց նաեւ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ գծով նախարարութենէն սպասուած ակնկալութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES