ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԵՒ ԸՆԹԱՑԻԿ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Այսօր` հինգշաբթի, 14 ապրիլին կ՛աւարտի Էն. Պի. Էյ.ի ընթացիկ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան 15 ճակատումներ:

Երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները, Նիւ Եորք Նիքս- Շիքակօ Պուլզ` 90-103 , Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ` 102-89 եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ` 102-93 :

Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներէն ետք 3-4 օր դադար պիտի տրուի, այնուհետեւ կը սկսին փլէյ-օֆի մրցումները:

Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Եորք Նիքս
Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Ճըրզի Նեթց
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Տալաս Մավըրիքս – Նիւ Օրլինզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Օրլանտօ Մեճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Օքլահոմա Սիթի – Միլուոքի Պաքս
Եութա Ճեզ – Տենվըր Նակեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մայեմի Հիթ
Շարլոթ Հոռնեթց – Աթլանթա Հոքս
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES