Հայ Աւետարանական Կէրթմէնեան Վարժարանի Նախակրթարանի Հանդէս
Հայ աւետարանական Կէրթմէնեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 29 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, վարժարանի սրահին մէջ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ժագլին Պաղպուտարեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արուս Ֆաշկեանի, ներկայացուց հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հոգեւոր երգերու փունջ մը, որմէ ետք աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը` արաբերէն:
Աւարտականներուն անունով արաբերէն ուղերձ մը կարդաց Գարինա Գարակիւլլէեան, իսկ հայերէն` Գարին Թաշճեան: Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին, որ վեց տարիներ ետք կ՛աւարտեն վարժարանը, որմէ առած են անմոռանալի յիշատակներ եւ իրենց ջանքերը յաջողութեամբ արդիւնաւորուած են: Անոնք երախտագիտութեամբ եւ հպարտութեամբ հաստատեցին, որ իրենց անձնազոհ դաստիարակները զիրենք կրթած են քրիստոնէական ոգիով, սորվեցուցած են սիրել բարին, ճշմարիտն ու արդարը:
Այնուհետեւ աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը, հայերէնով խմբային արտասանութիւններ եւ երգչախումբը մեկնաբանեց ազգային երգերու փունջ մը: Մրցանակներու բաշխումէն ետք Ռոզ-Անի Տէր Սարգիսեան դաշնակի վրայ նուագեց 2 երաժշտական կտորներ:
Վարժարանի տնօրէն Սահակ Տէտէեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Եղէք ազատ, բայց ոչ` անկարգ, եղէք մեծ, բայց ոչ` հպարտ, եղէք խոնարհ, բայց պահեցէք ձեր արժանապատուութիւնը, եղէք հաստատամիտ ձեր որոշումներուն մէջ, բայց ոչ` յամառ, եղէք խիստ, բայց ոչ անգութ, հնազանդեցէք ձեզմէ տարիքով կամ պաշտօնով մեծերուն, բայց անոնց ծառան մի՛ ըլլաք: Օգնեցէք տկարներուն, յարգեցէք ձեր բարեկամները, սիրեցէք զԱստուած եւ մարդկութիւնը, ապերախտ մի՛ ըլլաք ձեր ծնողաց եւ վարժարանին հանդէպ, եղէք գաղտնապահ, հաւատարիմ, պարկեշտ, գթասէր: Իմաստութիւնը ընտրեցէք` որպէս ձեր առաջնորդը, ժուժկալութիւնը` որպէս ձեր չափանիշը եւ քաջութիւնը` որպէս ձեր օգնականը»:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:
2012-2012 տարեշրջանի շրջանաւարտներն են.
Գազանճեան Մարիան, Գարակիւլլէեան Գարինա, Գալայճեան Սելեսթի, Թաշճեան Գարին, Թաշճեան Վանիա, Թըլըսըմեան Նաթալի, Կէօքճեան Մարիա, Պետիկեան Նաթալի, Տէր Սարգիսեան Ռոզ-Անի, Թահմաճեան Ներսէս, Թըլըսըմեան Փանօ, Իշխան Գէորգ, Իսկենտերեան Րաֆֆի, Պալապանեան Փաթրիք, Քէշիշեան Սէրուժ, Քէօշկերեան Տանիէլ, Քիւշերեան Սերժ:

