«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՇԱԼՔԷ ԵՒ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ
Երէկ յստակացան «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովող վերջին երկու խումբերը, երբ տեղի ունեցան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները:
Շալքէ, որ երթին 5-2 արդիւնքով յաղթած էր Ինթեր Միլանի, երէկ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ինչ կը վերաբերի յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը ապահովող երկրորդ խումբին` Ռէալ Մատրիտին, որ երթին 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Թոթենհամի դէմ, երէկուան մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
CATEGORIES Մարզական