Հայ Գիրքը Եւ Արդի Միջոցները
Հայ գիրքի տարուան առիթով եւ կազմակերպութեամբ Կիպրոսի թեմի վարչական ժողովին, տեղի ունեցաւ դասախօսական շարք մը` նուիրուած հայ գիրքին եւ տպագրութեան: Շարքին վերջին դասախօսն էր Կիպրոսի «Նարեկ» վարժարանի տնօրէնուհի Վերա Թահմազեան, որ դասախօսեց «Հայ գիրքը եւ արդի միջոցներ» նիւթին շուրջ: Ստորեւ դասախօսութիւնը.
Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս 2012 տարին հռչակած է «Հայ գիրքի տարի»: Կիպրոսի թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս դասախօսական շարքին պարտականութիւն տրուած է ինծի ներկայացնել վերջին նիւթը` «Հայ գիրքը եւ արդի միջոցներ»:
Արտօնեցէք, որ նիւթիս թելադրած հարկադրանքով գիրքը տարբեր անկիւնէ դիտել տամ ձեզի, առանց հերքելու այլ զեկուցաբերներու փոխանցած կարծիքներն ու միտքերը հայ գիրքին կարեւորութեան եւ առաքելութեան մասին: Նպատակս է պարզապէս իրապաշտօրէն քննարկել գիրքին ֆիզիքական երեւոյթը այսօրուան արհեստագիտութեան արագընթաց յառաջդիմութեան օրերուն, եւ` հայեացք մը նետել դէպի անխուսափելի ապագան:
Վեհափառը իր խօսքին մէջ շեշտած է հայ գիրքին առանցքային կարեւորութիւնը հայ կեանքին մէջ` ըսելով, թէ` «հայ գիրքը պէտք է դառնայ մեր ընկերը` հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, հայ միութեան ու հայ կեանքին մէջ միշտ մնալով պայծառակերպիչ ու հարստացուցիչ ներկայութիւն»:
Սիրելի՛ ներկաներ, ոչ ոք կրնայ հարցականի տակ առնել գիրքին, եւ յատկապէս հայ գիրքին կարեւորութիւնը: Աստուածաշունչը սերտելով` կ՛ամրապնդենք մեր հաւատքը, հայ գիրքով կը սորվինք մեր լեզուն, կը սերտենք մեր պատմութիւնը, մեր բանաստեղծներուն աչքերով կ՛ըմբոշխնենք մեր հայրենիքը:
Յովհաննէս Թումանեան իր գիրքերուն ակնարկելով` կ՛ըսէր.- «Ո՛չ թէ գրքեր են, այլ`մեծ-մեծ մարդիկ, ովքեր հետդ զրոյց են անում»:
Անցեալին գիրքը յաճախ դժուար էր ձեռք ձգել. անիկա չէր ընդհանրացած եւ թանկարժէք էր, իսկ գրադարանը հարստութիւն կը նկատուէր: Այսօր գիրքը հասանելի է բոլորին եւ գինը մատչելի: Հարուստ գրադարաններ գոյութիւն ունին բոլոր լուրջ պետական, ուսումնական եւ ազգային կառոյցներէ ներս: Վաղը, հաւանաբար, գիրքերու թիւը աւելնայ, բայց նոյն ատեն գրախանութներու եւ գրադարաններու թիւը հաւանաբար նուազի: Իսկ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ գիրքին հեռաւոր ապագան եւ ի՞նչն է, որ պիտի փոխարինէ գիրքը:
21-րդ դարուն, երբ համաշխարհայնացման յեղափոխութիւնը կեանքի ձեւն ու հեւքը կը փոխէ, գիրքն ալ իր կարգին կ՛ունենայ իր մրցակիցը, զայն վտանգողն ու փոխարինողը: Գիրքին աւանդական տեսքը լրիւ փոխուելու հեռանկարին առջեւ կը գտնուի: Այսօր թուղթի վրայ տպագրուած գիրքի փոխարէն` կարելի է կարդալ ե-գիրքը` համակարգիչի, i-Pad-ի, Amazon Kindle-ի կամ այլ ելեկտրոնային պաստառներու վրայ: Հազարաւոր ելեկտրոնային գիրքեր տրամադրելի են համացանցի վրայ անվճար կամ ներբեռնելի` չնչին գումարի մը դիմաց: Կարելի է նաեւ գիրքը ունկնդրել (audiobook): Վերջինը առիթը կու տայ ունկնդրելու գիրքի մը բովանդակութիւնը, i-pod-ի, նոյնիսկ մեր բջիջային հեռաձայնին միջոցով` աշխատանքի կամ ինքնաշարժ վարած ժամանակ, նոյնիսկ` մեր աչքերը գոց եղած պահուն: Audiobook-ի գլխաւոր առաւելութիւնը, սակայն, տեսողական հարցեր ունեցողները գիրքերու հաճոյքէն չզրկելն է: Ահաւասիկ այս փոքր, լուցկիի տուփէ մը պզտիկ գործիքը իր յիշողութեան մէջ կը պարունակէ տասնեակ մը լսողական գիրքեր: Իսկ i-pad-ի կամ kindle-ի վրայ կարելի է քանի մը հազար գիրք զետեղել եւ կարդալ: Այս պաստառները էջին կու տան թուղթի երեւոյթ, իսկ էջը դարձնելու համար ընթերցողը նոյն շարժումը կ՛ընէ, ինչ որ գիրքի պարագային: Բայց վստահ եղէք, որ զգացումը նոյնը չէ:
Երկու շաբաթ առաջ «Նիւ Եորք թայմզ»-ի մէջ զարմանքով կարդացի հետեւեալ լուրը: Հանրածանօթ «Պրինթանիքա» հանրագիտարանը, իր առաջին տպագրութենէն 244 տարի ետք, վերջ կու տայ իր տպագիր հրատարակութեան եւ կը շարունակէ գործել միմիայն իբրեւ համակարգչային եւ համացանցային աղբիւր: «Պրիտանիքա»-ի վերջին տպագիր 32 հատոր հրատարակութիւնը լոյս տեսած էր 2010-ին:
Կ՛արժէ բաղդատել հանրագիտարանին տպագիր եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւնները:
Առաջին` գինը: «Պրիտանիքա»ի 32 հատորներու վաճառքի գինը կը հասնի 1400 ամերիկեան տոլարի, իսկ ելեկտրոնային հրատարակութեան տարեկան անդամակցութեան սակը` միայն 70 տոլար կ՛արժէ:
Երկրորդ` ծաւալն ու կշիռը: Հանրագիտարանին 32 հատոր հաշուող շարքը կը կշռէ 58 քիլոկրամ եւ կ՛ենթադրէ աւելի քան տասը քառակուսի մեթր գրադարանային տարածք, իսկ համացանցի վրայ գտնուող տարբերակը ո՛չ կշիռ ունի, ո՛չ ալ ֆիզիքական տեղ կը գրաւէ: Այս կը նշանակէ, որ կարելի է ե-հանրագիտարանը դիւրութեամբ փոխադրել որեւէ տեղ:
Երրորդ` գործնականութիւնը: Ըստ «Պրիտանիքա»-ի նախագահ Խորխէ Քաուսի, ելեկտրոնային հանրագիտարանը աւելի լայն կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ ընթերցողին` որոնելու եւ գտնելու տեղեկութիւններ, առաջնորդուելու յարակից տեղեկութեանց, թուղթի վրայ տպելու եւ ելեկտրոնային ծրարներու մէջ գրանցելու տեղեկութիւնները: Կարելի է նաեւ շարժական պատկերներով իսկական եւ վիրթուալ փորձառութիւններ ձեռք ձգել: Օրինակ` դիտել հրաբուխի մը պայթիւնը, ունկնդրել անասուններու ձայներ, ներկայ ըլլալ բժշկական բարդ վիրաբուժութիւններու, ճամբորդել դէպի լուսին եւ այլն:
Նմանատիպ է ճակատագիրը Աղեքսանդրիոյ «Պիպլիոթեքա Ալեքսանտրին» գրադարանին: Արդիական եւ արհեստագիտական այս պալատը կառուցուեցաւ 2002 թուականին, 2000 տարի առաջ հրդեհի պատճառով կորսուած, աշխարհի ամէնէն կարեւոր գիտութեանց հաւաքածոյի վայրին մօտ: Գրադարանի տնօրէն Իսմայէլ Սարակելտին կը պարծենայ` ըսելով, թէեւ «մենք թուային ենք ծնած», աւելցնելով, թէ Աղեքսանդրիոյ գրադարանին մէջ թուղթի վրայ տպուած գիրքերը հազուագիւտ են: Գրադարանին հարստութիւնը կը պահուի ապահով սըրվըրներու վրայ: Տնօրէնը կը հաւատայ որ մեռած կամ ոչնչացուած թուային գրադարաններու միջոցով, գրութիւններ կը վերակենդանանան:
Հայաստանի պետական գրադարանն ալ, իր կարգին, ստեղծած է վիրթուալ գիտական գրադարան, որ 2011-ին սկսած է գործել` տալով մեկնակէտը միջազգային գրադարանային համագործակցութեան: «Ուրբաթագիրք»-ի, «Ազդարար»-ի եւ հազարաւոր այլ գիրքերու կողքին, ընթերցողը կրնայ աշխարհի տարբեր գրադարաններէ գիրքեր ներբեռնել եւ կարդալ: Հետեւաբար, համակարգչային այս կարելիութիւնները կ՛ընդլայնեն ընթերցողին հորիզոնը, յաղթահարելով աշխարհագրական սահմանները:
Շատեր, ինչպէս ես, կը տխրինք յառաջդիմութեան անուան տակ կատարուող այսպիսի արմատական փոփոխութիւններուն ի տես: Սակայն նկատի առնելով արագընթաց արուեստագիտական զարգացումը` արդեօք կարելի՞ է այլեւս անտեսել արդի միջոցներու ընձեռած կարելիութիւններն ու
ազդեցութիւնը մեր առօրեային մէջ: Արդեօք մենք ինչպէս պէտք է դիմաւորենք այս նորութիւնները:
Գրաւիչ արհեստագիտութեան հոսանքին դէմ թիավարելը դժուար է եւ հաւանաբար` ապարդիւն ու անխոհեմ, նոյնիսկ` անկարելի: Խոհեմութիւն պիտի ըլլար, հաւանաբար, ե-գիրքերու վերածել այն գիրքեր, որոնք յաճախակի փոփոխութեան կ՛ենթարկուին, ինչպէս է պարագան դասագիրքերու, հանրագիտարաններու, բառարաններու եւ տեղեկագիրներու, որոնք նոյնիսկ գուցէ դադրէին թուղթի վրայ տպուելէ: Ասիկա պիտի օժանդակէր նաեւ կենսոլորտի պահպանութեան գործին` նուազեցնելով թուղթի գործածութիւնը եւ պահպանելով անտառները: Այսօր արդէն իսկ դպրոցներու մէջ դասագիրքեր կը փոխարինուին համակարգիչով կամ i-pad-ով: Մօտիկ ապագային աշակերտը ծանր գիրքեր շալկելու պէտք պիտի չունենայ. գիրքերը եւ աշխատանքները պիտի կարենայ փոխադրել տունէն դպրոց եւ ետ, տետրակի բարակութեամբ i-pad-ի վրայ: Մոռացկոտ աշակերտը, որ գիրքերը յաճախ տունը կը մոռնար ու կը պատժուէր ալ անոր համար, այլեւս պատժուելու հոգը պիտի չ՛ունենայ: Ուսուցիչն ալ հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ գործածելու յարմարագոյն եւ նորագոյն դասագիրքերը:
Փաստուած է, որ ընթերցանութիւնը միտքը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ եւ ընթերցողը յաճախ իր երեւակայութեան մէջ նոր կացութիւններ կը կառուցէ: Անսովոր գիրք մը կրնայ ընթերցողին աշխարհայեացքը փոխել այնպէս, որ ան կարենայ աշխարհը դիտել տարբեր տեսանկիւնէ մը: Սակայն, եթէ ընդունինք որ ընթերցումը նիւթեր ամբարելու միջոց է, գիրքը պարզապէս կը դառնայ շօշափելի թուղթերու կազմուածք մը: Հետեւաբար, ներկայիս, երբ ընթերցանութեան ճգնաժամը դարձած է համատարած երեւոյթ, գիրքի պահպանման մասին մտածելէն անդին, ընթերցասիրութիւնը զարգացնելու եւ մանաւանդ հայերէն կարդալը քաջալերելու մասին մտածելու ենք, ինչ որ ալ ըլլայ ընթերցանութեան գործնական միջոցը` թուղթի վրայ տպագիր գիրքը, թէ ելեկտրոնային պաստառներու վրայ տպուած տարբերակը: Եթէ նպատակը հայ գիրն ու լեզուն պահպանելն է, պէտք չէ խրտչիլ համակարգչային միջավայրին յարմարցուած գիրքերէն, որոնք երիտասարդութեան գործածածն են այս օրերուն եւ հաճելի ու արդի միջոցներով հայ գիրքը հասանելի կը դարձնեն նոր սերունդին: Ընթերցանութիւնը քաջալերելու այլ արդիւնաւէտ միջոցներ ալ կան` հայ մամուլը, ե-թերթը, պարբերաթերթեր, նոյնիսկ` ելեկտրոնային միջավայրի այլ էջեր: Այսօր թերթերու բաժանորդները բազմացած են իբրեւ արդիւնք ելեկտրոնային հրատարակութեանց: Կան անվճար համացանցային հայատիպ թերթեր` թէ՛ արեւմտահայերէն, թէ՛ արեւելահայերէն լեզուով: Հետեւաբար հայ գիրքի, մամուլի եւ լեզուի ապագան մեր վերաբերմունքէն կախեալ է:
Հաւանաբար, թուղթէն աւելի հարազատ պիտի չ՛ըլլա՞ր արդեօք, տասը պատուիրանները կարդալ փորագրուած ժայռի վրայ, եգիպտական գրութիւններն ալ պապիրոսի վրայ…: Արդեօք ապագային գի՞րքն ալ, անոնց կարգին, թանգարանի արժէքաւոր պիտոյք պիտի դառնայ: Նկատի ունենալով փոփոխութիւններու սրընթաց թափը, կարելի է հարց տալ, թէ՛ ելեկտրոնային պաստառին կեանքը արդեօք որքա՞ն երկար պիտի տեւէ……..եւ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ նորագիւտ ընթերցանութեան միջոցը…….: Բայց ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, կարեւորը հայ գիրին հետ առնչուիլն է, ընթերցասիրութեան ոգին սերմանելն է մեր փոքրիկներու` եւ երիտասարդներուն մէջ: Կը մէջբերեմ Մարք Թուէյնի հետեւեալ իմաստալից խօսքը. «Չկարդացողը որեւէ առաւելութիւն չունի` ի բաղդատութիւն կարդալ չիմացողին»:
Բոլորիս ծանօթ է, որ ապրիլ 23-ին Երեւան Պուէնոս Այրէսէն կը ստանձնէ իրեն փոխանցուող համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաքի տիտղոսը: Այդ օրը Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ մեծ շուքով պիտի կատարուին հայ տպագրութեան 500-ամեակի տօնակատարութիւններ` փառաւոր ձեռնարկներով, շքերթով, ուր պիտի տողանցեն հայոց այբուբենի 38 տառերը: Արդեօք այս բոլորը պիտի յաջողի՛ն հայ գիրքին փառքը վերահաստատել, ամրապնդելու. պիտի յաջողի՛ն երկարատեւ ազդեցութիւն ունենալու հայ ընթերցողին վրայ, ի՛նչ ընթերցանութեան միջոց ալ որ ընտրէ ան, թէ՞ անցողակի եւ լոկ կարճատեւ հետքրքրութիւն մը պիտի ստեղծեն տօնակատարութեանց նման:
Կ՛եզրափակեմ խօսքս լաւատես ակնկալութիւններով, հաւատալով, որ հայ գիրը պիտի գոյատեւէ, ինչ ձեւի գիրքեր ալ յանձնուին մեզի` թուղթի, պաստառի վրայ, թէ այլ…: Մեզի կը մնայ կատարել մեր ընտրութիւնը:
Հաւանաբար, Չարենց, անցեալ դարու սկիզբը դեռ, հեռատեսութեամբ կ՛անդրադառնար եւ կ՛ակնարկէր ժամանակավրէպ ըլլալու խիստ կարեւորութեան մասին, երբ կը գրէր` «Ե՛թէ ուզում ես երգդ լսեն, ժամանակիդ շունչը դարձիր»:

