Կիրակնօրեայ Դպրոցը. «Ես Մեղք Չունիմ Որ…»
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, «Ես մեղք չունիմ որ…» բոլորովին անտեղի չքմեղանքը համարեա քանդիչ կարգախօսը դարձած է ընդհանրապէս, արդի մարդուն, եւ, յատկապէս` արդի քրիստոնեային մտքին, բերանին ու կեանքին մէջ:
Դեռ անցեալ շաբաթ հանրածանօթ հայ արուեստագէտ մը, քմծիծաղն երեսին, կ՛ըսէր ինծի.«Վարդապե՛տ, ես մեղքեր չունիմ»: Ձախիս կեցած դրամատնային աշխարհին մէջ բարձրամեծ պաշտօնեան յարեց.«Ինչո՞ւ պիտի խոստովանիմ որ, երբ մեղք չեմ գործած…»:
Տարիներ առաջ այցելեցի ծանր հիւանդի մը, որ այցելութենէս չորս օր ետք պիտի մեռնէր… Իրարու հետ բաւական խօսակցելէ յետոյ` անոր առաջարկեցի կատարել ապաշխարութեան խորհուրդը: Դժկամակ դիմագիծերով ըսաւ.«Ի՞նչ խոստովանիմ, վարդապե՛տ, մեղք չունիմ»:
Վերջը լսելով, օրինակի համար, անոր առեւտրական զեղծարարութիւններուն, լուտանքային հայհոյախօսութիւններուն, ընտանեկան կռուըտուքներուն եւ ամուսնական անհաւատարմութիւններուն մասին` վշտակոծ մտաբերումով վերյիշեցի անոր հաւաստումը. «Ի՞նչ խոստովանիմ, վարդապե՛տ, մեղք չունիմ»: Գլուխս շարժելով` սրտաբխօրէն մրմնջեցի. «Աստուա՛ծ իմ, ողորմէ՛ անոր հոգիին»:
Մարդը ա՛լ կորսնցուցած է գիտակցութիւնն իր սահմանափակ, տկար ու մեղանչական ըլլալուն: Նոյնպէս քրիստոնեան, որ սակայն այս մեծ կորուստով դարձած չէ աւելի ազատ, աւելի հզօր եւ աւելի առաքինի, այլ ընդհակառակն, շատ աւելի սահմանափակ, շատ աւելի տկար ու շատ աւելի մեղանչական: Առաւել, դարձած է հոգեբարոյական կոյր, անզգամ մը…
1983-ի սեպտեմբերի սկիզբը Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապը (1978-2005) այցելեց Աւստրիա: Երեք հարիւր յիսուն հազար ներկաներուն մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարող վարդապետներէն մին էի: Հինգ ժամ իւրաքանչիւրս նստաւ առանձին խոստովանարանի վերածուած «citybus»-ի մէջ: Առաջին երեք ժամերը շունչ առնելու ժամանակ չկար խոստովանանքի եկողներու բազմութենէն, իսկ մնացեալ երկու ժամերը տանելի էին:
Եւ ահա, «citybus»-ս մտաւ բարձրահասակ ու գեղադէմ, բայց սարսափելի մթամած կերպարանքով վախազդու այր մարդ մը` շուրջ վաթսուն տարեկան: Սկիզբը, ոտքի կայնածին նայեցայ անխօս հարցադրումով, ապա հարցուցի շեշտակիօրէն. «Ի՞նչ ընելու եկած էք հոս…»:
Անպատասխան մնալով` դուռը ցոյց տուի.«Խնդրեմ, դուրս ելէ՛ք, սպասողներու շարքը շատ երկար է»: Նայեցայ դիմացս անշարժ եւ լուռ կանգնողին. աչքերը լեցուած էին արցունքով…
«Ինչո՞ւ համար կ՛ուզէք խոստովանիլ…» անակնկալ հարցումէս սթափելով` խիստ շեշտով պատասխանեց` այս անգամ զիս մեծագոյն անակնկալի մատնելով.«Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնէք…: Հարցուցէ՛ք անոր…»: Երեսով ու ձեռքով ցոյց տուաւ ճիշդ այն պահուն իր քարոզն աւարտող պատարագիչ սրբազան քահանայապետը…:
Մինչ սպասողները ակնապիշ նայուածքներով կը քննարկէին երկուքս, խնդրեցի, որ ծնրադրէ եւ սկսի խոստովանիլ իր մեղքերը: Ի՞նչ խոստովանի եւ ո՞ր մեղքը յիշէ, երբ վերջին անգամ խոստովանանք ըրած էր իր առաջին Ս. հաղորդութեան պատրաստութեան ատեն, այսինքն` մօտ յիսուն եւ աւելի տարիներ առաջ:
Առանց մանրամասնելու` օգնեցի անոր եւ ընդհանրութեան մէջ մնալով` խնդրեցի, որ զղջայ կեանքին բոլոր մեղքերուն, յանցանքներուն եւ թերացումներուն վրայ: Ընդունեց: Զղջաց: Լացա՜ւ: Քանի մոռցած էր ամէն աղօթք, միասնաբար եւ արտասուալից կատարեցինք ապաշխարանքի աղօթքները:
Մինչեւ այսօր ինծի անծանօթ մնացողին մէկէն պայծառացած դէմքը աչքերուս առջեւ է տակաւին, բայց ինչ որ դեռ աւելի կարեւոր է, միշտ կը յիշեմ անոր այս եզրափակիչ փորձառութիւնը.«Վարդապե՛տ, միշտ սորվեցուցէ՛ք մարդերուն, որ երբեք չկորսնցնեն գիտակցութիւնն իրենց տկարութեան, մեղանչականութեան ու մեղաւորութեան, այլապէս ոչ միայն անբարոյ եւ անաստուած պիտի ապրին, այլ նաեւ պիտի ըլլան անմարդկային ու անմարդկայնական, քանի կը դառնան միայն անձնասէր եւ եսակենդրոն…»:
Սահմանափակ, տկար ու մեղանչական ըլլալու գիտակցութիւնը մարդկապատկան այն իմացական ճանաչումը եւ հոգեբարոյական դատողութիւնն է, որ իրմով օժտուած անհատը խորապէս կը թեթեւցնէ, իրապէս կ՛անդորրացնէ, հոգեպէս կը բաւարարէ եւ մշտապէս կը մարդացնէ` անոր թեւակոխել տալով սեմը իր աստուածացումին:
Այս փորձառութիւնն ապրեցաւ, սորվեցուց եւ քնարերգեց Ս. Գրիգոր Նարեկացի, որ ոչ միայն սահմանափակ, տկար ու մեղանչական ըլլալու գիտակցութենէն, այլ նաեւ մեծագոյն մեղաւորն ըլլալու համոզումով շարադրեց գրական հայաշխարհին թիւ մէկ գլուխգործոցը` «Մատեան ողբերգութեան – «Նարեկ»-ը:
«Նարեկ»-ին մէջ մեղքի, յանցանքի եւ թերացումի երեք հազարէ աւելի թուած տեսակներուն դիմաց` մարդը, ընդհանրապէս, քրիստոնեան մասնաւորապէս, եւ հայը առանձնապէս, դեռ ունի՞ յաւակնութիւնը կրկնելու.«Ես մեղք չունիմ որ…»:
Նարեկացիանման այսպիսի հայ մը ոչ միայն աւելի ինքնաճանաչ է, այլ նաեւ աւելի աստուածաճանաչ է: Ոչ միայն աւելի ինքնասէր է, այլ նաեւ աւելի մարդասէր է, ընկերասէր է ու աստուածասէր է: Ոչ միայն ինքնամերձ է, այլ նաեւ աւելի մարդամօտ է, հայրենանուէր է ու աստուածամերձ է: Ոչ միայն աւելի ինքնօգուտ է, այլ նաեւ աւելի մարդկայնական է, մարդանպաստ է, ազգօգուտ է ու աստուածանման է:
Կա՞ն տակաւին այսպիսի հայ անհատներ: Դեռ չորս օր առաջ հայուհի մը իր ամբողջ կեանքին ընդհանրական խոստովանքն ըրաւ վարդապետիս մօտ: Մէջբերեմ անոր պարզ ցնծերգութիւնը.«Հիմա այնքա՜ն ուրախ ու թեթեւ եմ: Փա՜ռք Քեզ, Տէ՛ր Աստուած»:
Այնճար, 9 Յուլիս 2012

