Այալոն Ծայրայեղական Հրեաներու Զինուորագրման Օրէնքի Որդեգրման Պարագային Քաղաքացիական Պատերազմէ Մը Կը Զգուշացնէ

Մոշէ Այալոն

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Մոշէ Այալոն յայտնած է, որ «եթէ կառավարութիւնը ծայրայեղական հրեաներուն զինուորական ծառայութեան կատարումը պարտադրող Քիշիւ յանձնախումբի յանձնարարականը որդեգրէ, ատիկա քաղաքացիական պատերազմի պիտի առաջնորդէ»:

Յիշեցնենք, որ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի մեծաթիւ հրեայ ծայրայեղականներ իր շարքերուն մէջ ներառելու, ինչ որ «հրեայ արմատականները» զինուորագրելու պայմաններու ճշդման նոր օրէնքի բանաձեւման ուղղութեամբ առնուած քայլ մըն է:

Օրաթերթը կը նշէր, որ իսրայէլեան բանակը յետս կոչած է անջատ նոր զինուորական խմբաւորումներ կազմելու իր եռամեայ ընդդիմութիւնը եւ ներկայիս աշխատանք կը տանի կազմելու կրօնամոլ զինուորներէ կազմուած երեք վաշտեր` զանոնք իր մարտական ուժերուն մէջ ներառելու ուղղութեամբ, եւ կը նախատեսուի, որ բանաձեւուի նոր օրէնք մը, որ պիտի փոխարինէ այն օրէնքը, որ ծանօթ էր «Թալի օրէնքը» անունով եւ հրեայ կրօնամոլներուն զինուորական ծառայութենէ ներում կը տրամադրէր:

Օրաթերթը կը նշէր, որ իսրայէլեան բանակի ծրագրաւորումի բաժանմունքի հրամանատար զօր. Կատի Ակմոն իսրայէլեան Քնեսեթի անդամներուն յայտնած էր, որ բանակը յաջողած է հրեայ կրօնամոլներէ երեք նոր վաշտեր կազմել: Ան յայտնած էր, որ գոյութիւն ունի այն կարելիութիւնը, որ այդ վաշտերէն մէկը միացուի իսրայէլեան օդուժին, հարց մը, որ ներկայ հանգրուանին կ՛ուսումնասիրուի: Բանակը նաեւ նշեալ զինուորները ոստիկանութեան եւ բանտերու հսկողութեան նման իսրայէլեան ապահովական այլ մարմիններու մէջ ներառելու կարելիութիւնը կը քննարկէ:

Նշենք, որ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց մայիսի կիսուն զինուորական ակադեմիային մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած էր, որ «բացառուած չէ, որ այս երկրին մէջ ազատ ապրելու մեր իրաւունքին համար ստիպուինք պատերազմելու համար ամբողջ ժողովուրդի ուժը զինուորագրելու` ճիշդ ինչպէս 1948-ին ըրինք»:

 

Share this Article
CATEGORIES