Քլինթըն. «Պիտի Շարունակենք Եգիպտոսի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Խաղաղութեան Երթին Աջակցիլ Եւ Կը Հաւատանք Այն Դերին, Զոր Եգիպտոս Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Կրնայ Խաղալ»

Քլինթըն եւ Մուրսի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Եգիպտոս իր այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավար մարաջախտ Մոհամետ Հիւսէյն Թանթաուիի հետ:

Քլինթըն յայտնեց, որ իր երկիրը Եգիպտոսի մէջ ամբողջական կերպով ժողովրդավարական իշխանութեան հաստատման կը զօրակցի` կոչ ուղղելով, որ բանակը վերադառնայ ազգային ապահովութեան պաշտպանութեան իր դերակատարութեան, սակայն նշեց, որ հարցը ամբողջովին եգիպտացիներուն ձգուած է, որպէսզի անոնք որոշեն, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն` աւելցնելով, որ ժողովրդավարութիւնը երկխօսութեան եւ միջին լուծումներու կը կարօտի:

Քլինթըն շաբաթ օր հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ:

Ան իր եգիպտացի պաշտօնակից Մոհամետ Ամրոյի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են «Եգիպտոսին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնը շարունակելու կարելիութիւնները»:

Ան ընդգծեց, որ «եկայ եգիպտացի ժողովուրդին նկատմամբ զօրակցութիւնը վերահաստատելու»` յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուին: Ան աւելցուց, որ «մենք փոխադարձ շահերուն համար կ՛աշխատինք»:

Քլինթըն ըսաւ, որ «եգիպտացի ժողովուրդին ու անոր ձգտումներուն աջակցելու կարելիութեանց անդրադարձանք»` աւելցնելով, որ «կ՛ուզենք Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարութեան եւ եգիպտացի ժողովուրդին երթին զօրակցիլ»:

Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ «(Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի) նախագահներուն միջեւ որեւէ ձեւի հանդիպումներ կայացնելու որեւէ քայլ չկատարեցինք, որովհետեւ այդ մէկը երկու երկիրներուն կը վերաբերի»` շեշտելով, որ «բոլոր ժողովուրդները պէտք է դէպի կայունութիւն ուղղուին»: Ան ընդգծեց, որ «պիտի շարունակենք Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան երթին աջակցիլ, եւ կը հաւատանք այն դերին, զոր Եգիպտոս խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ կրնայ խաղալ»:

Ան նշեց, որ «Իսրայէլի հետ խաղաղութիւնը արտօնեց, որ եգիպտացիներու սերունդ մը պատերազմ չճանչնայ»:

Քլինթըն ըսաւ, որ «սուրիական բանակը Սուրիոյ մէջ քաղաքայինները կը սպաննէ, իսկ եգիպտական բանակը յեղափոխութիւնը պաշտպանեց»:

Նշենք, որ Քլինթըն այսօր Իսրայէլ կ՛այցելէ:

Մինչ այդ, Իսրայէլի աշխատանքի նախարար Պենիամին Պեն Էլիազար Եգիպտոսի մէջ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի նախագահ մարաջախտ Հիւսէյն Թանթաուիին կոչ ուղղեց` «իսլամական խմբակցութեանց դէմ դնելու եւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի իրաւասութիւնները սահմանափակելու»` վստահեցնելով, որ «եգիպտական բանակի ղեկավարութիւնը երկու կողմերուն միջեւ հասարակաց եւ փշոտ հարցերուն շուրջ երկխօսութեան համար Իսրայէլի հետ մնայուն կապի մէջ է»:

Ան աւելցուց, որ «Իսլամ եղբայրները ճկուն են եւ պատրաստակամութիւնը ունին որեւէ կողմի, մինչեւ իսկ Իսրայէլի հետ երկխօսութիւն կատարելու, բայց եւ այնպէս անոնց գաղափարներն ու գաղափարախօսութիւնը Իսրայէլի համար ստոյգ վտանգներ են: Անոնք իրենց հետեւորդներուն եւ եգիպտացի ժողովուրդի հոգիներուն մէջ Իսրայէլի նկատմամբ ատելութիւն կը սերմանեն»:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի Վերաքննիչ դատարանը մերժած է ընդունիլ երկրի խորհրդարանին այն դիմումը, որուն միջոցով օրէնսդիր մարմինը կը բողոքարկէր Սահմանադրական դատարանի` խորհրդարանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու եւ խորհրդարանը լուծարելու վերաբերեալ որոշումը:

«Սահմանադրական դատարանի որոշումներուն քննութիւնը Վերաքննիչ դատարանի իրաւասութեան մէջ չի մտներ», յայտարարած է Վերաքննիչ դատարանը:

Նշենք, որ նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսի իր պաշտօնը ստանձնելուն պէս հրաման արձակեց վերականգնելու խորհրդարանի աշխատանքը, սակայն Սահմանադրական դատարանը նախագահի հրամանը չեղեալ նկատեց:

Եգիպտոսի մէջ այս հարցին շուրջ մեծ լարուածութիւն կայ զինուորական իշխանութեան եւ նախագահին սատարող ուժերուն միջեւ: Այս կապակցութեամբ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար Միացեալ Նահանգներ մեծ ջանքեր կը թափեն:

 

Share this Article
CATEGORIES