Ֆրանսայի Ազգային Տօնի Նշում

Ընդունելութենէն պահ մը

Ֆրանսական դեսպանատան մէջ անցեալ շաբաթավերջին Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի յայտնեց, որ շրջանը այսօր կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի մը մէջ` նշելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս` Թունուզի, Լիպիոյ, Եգիպտոսի, Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած քաղաքական լուրջ շարժումները այսօր հասած են Լիբանանի սեմին:

Փաուլի յայտնեց, որ թէեւ Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը, քաղաքական բաց դրութիւնը եւ ազգային համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը օրինակելի են, իսկ ապահովական կացութիւնը` կայուն, «սակայն ինչպէս միւս բոլոր երկիրներուն, նոյնպէս ալ Լիբանանի պարագային, պետութիւնը պէտք է իրագործէ ժողովուրդին փափաքները», ըսաւ Փաուլի:

Share this Article
CATEGORIES