Լոնտոն-2012. Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան Հայաստանի Դրօշակակիրը Պիտի Ըլլայ Ալպերթ Ազարեան
Յառաջիկայ 27 յուլիսին Լոնտոնի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լոնտոն-2012-ի Ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Բացման այս հանդիսութեան ժամանակ Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակակիրը պիտի ըլլայ անցեալի մարմնամարզիկ, ողիմպիական խաղերու Եւրոպայի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան բազմակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեան:
Այս լուրը փոխանցեց «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը` կապ հաստատելէ ետք Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեանի հետ:
Ալպերթ Ազարեան մարզական լրագրողներուն կողմէ ճանչցուած է իբրեւ 20-րդ դարու Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը:
Ներկայիս ան կը գլխաւորէ Հայաստանի մարմնամարզութեան եւ աքրոպաթիքի ֆետերասիոնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատուոյ նախագահն է:

