ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄՕՏ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ ԵՒ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբի եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մանուկներու մօտ ընթերցումի եւ ուղղագրութեան զարգացումը եւ դժուարութիւնները» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ՕրթոՖոնիսթ Նանօր Մկրտիչեան-Դարբինեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ըսաւ, թէ մանուկներու եւ պատանիներու Ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային առողջութիւնը դասախօսութիւններու շարքին վերջինն է: Ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը` Յասմիկ Մկրեան մտահոգութեամբ ներկայացուց այն կացութիւնը, երբ յաճախ ծնողներ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կ՛անտեսեն ու չեն հետաքրքրուիր իրենց մանուկներուն դիմագրաւած դժուարութիւններով, որոնք ապագային իրենց դրսեւորումը կ՛ունենան երիտասարդութեան շրջանին:
Դասախօսութեան հովանաւորն էր Հայ աւետարանական քոլեճը:
Նանօր Մկրտիչեան-Դարբինեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զանազանել բանաւոր եւ գրաւոր լեզուներուն միջեւ. շատ անգամ ծնողներ կը շփոթեն: Բանախօսը ներկայացուց կապը վերոյիշեալ երկու երեւոյթներուն միջեւ, որոնք իրարմէ ազդուելով իրենց դրական եւ ժխտական դերը կ՛ունենան պատանիին եւ աւելի ուշ երիտասարդին վրայ:
Դասախօսը ներկայացուց հետեւեալ թուային տուեալները` հաստատելու իր միտքը.-
ա.- Երեք տարեկան երեխաներուն 7-10 առ հարիւրը կ՛ունենայ լեզուական դժուարութիւններ:
բ.- եօթը տարեկան մանուկներու 40 առ հարիւրը` մտային եւ բանաւոր լեզուի ուշացում:
Այս բաժինով կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ այն համոզումը, թէ վերոյիշեալ երեւոյթները բնական նկատելով, յաճախ ծնողները չեն դիմեր մասնագէտի օժանդակութեան: Ասիկա սխալ համոզում է եւ ժխտականօրէն կ՛ազդէ երեխայի մտային զարգացման վրայ:
Ին՞չ են այն կարողութիւնները, որոնք կը զարգացնեն գրաւոր լեզուն.
1.- Հնչիւնախօսութեան ըմբռնումը:
2.- Տեսողական եւ լսողական յիշողութիւնը:
3.- Տեսողական եւ լսողական ուշադրութիւնը:
4.- Բառապաշարը:
Վերոյիշեալ կարողութիւնները զարգացնելու համար դասախօսը յիշեց դաստիարակչական տարբեր խաղեր, որոնք շատ գործնականօրէն կ՛օժանդակեն երեխային տարբեր մտային կարողութիւնները զարգացնելու:
Դասախօսը անդրադարձաւ այն սխալ համոզումին, որ կան «ծոյլ աշակերտներ»: Ծոյլ աշակերտ չկայ, այլ` դժուարութիւններ ունեցող աշակերտ, եւ անհրաժեշտ է փորձել գտնել ընտանեկան, ընկերային եւ հոգեկան դժուարութիւնները, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կ՛ազդեն աշակերտին սորվելու տրամադրութեան վրայ:
Շարունակելով ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս մենք կը կարդանք.
ա.- Հեգելով եւ վանկատելով:
բ.- Հիմնուած կ՛ըլլայ ուղղակի լսատեսողական մեր կարողութեան վրայ, եւ մեր յիշողութեան մէջ այդ պատկերներով մենք կը կարդանք բառեր ու նախադասութիւններ:
Յաջորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց այն վիճակները, երբ երեխային մօտ կը յայտնուի ուշացում` բանաւոր եւ գրաւոր կարողութիւններու մէջ.
ա.- Ուշացում – բայց այս կ՛ըլլայ ժամանակաւոր:
բ.- Երեխան կ՛ունենայ դժուարութիւններ, բայց ծանր եւ մնայուն ( տիսլեքսի- տիսօրթոկրաՖի):
Այս երկրորդ պարագային ծնողներուն կողմէ անհրաժեշտ է հետեւողականութիւնը այս վիճակին գծով եւ դիմել մասնագէտի: Մասնագիտական խմբային աշխատանք կը տարուի, տարբեր մասնագէտներու աջակցութեամբ կարելի է բուժել պարզուած կացութիւնը:
Իբրեւ եզրակացութիւն` դասախօսը նշեց, որ երեխաներու խաղը եւ խաղին ընկերակցող դաստիարակչական միջոցները անհրաժեշտ են` ապագային ունենալու առողջ սերունդ:
Աւարտին դասախօսը ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց` ուղղակի ամէնօրեայ կեանքէն առնուած օրինակներով:

