Թալիշները Մոսկուայի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ Ցոյց Կատարած Են
Novostink.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ կիրակի օր Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ թալիշները երկրորդ անգամ ըլլալով ցոյց կատարած են` ի պաշտպանութիւն «Թոլըշի սատօ» (Թալիշներու ձայնը) թերթի գլխաւոր խմբագիր Հիլալ Մամետովի:
Հաւաքի մասնակիցները կէս ժամ շարունակ վանկարկած են «Ազատութիւն Մամետովին», «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն» եւ այլն: Աւելի ուշ ցուցարարներուն մօտեցած է Մոսկուայի մէջ Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: Ցոյցի կազմակերպիչները անոր ներկայացուցած են իրենց պահանջները:
Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի մէջ թալիշներու միակ թերթի գլխաւոր խմբագիրը ձերբակալած են այս տարուան 21 յունիսին: Ան կը մեղադրուի թմրեցուցիչ պահելու յանցանքով, սակայն որոշ ժամանակ ետք անոր դէմ մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնսգիրքի պետական դաւաճանութեան ու լրտեսութեան յօդուածներով:

