ԵՄԷՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ ՍԱՆԱԱՅԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ
Եմէնեան մրցակից ուժեր երէկ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ունեցան բախում մը, որուն պատճառով երկու զոհ եւ չորս վիրաւոր արձանագրուեցաւ:
Զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ կեդրոնական ապահովութեան ուժեր բախում ունեցան բանակի զրահապատ առաջին ստորաբաժանումէն ուժերու հետ եւ երկու զինուորներ վիրաւորուեցան, իսկ չորս ուրիշներ ծանր վէրքեր ստացան:
Բանակի զրահապատ առաջին ստորաբաժանումի` ընդդիմութեան միացած հրամանատար զօր. Ալի Մոհսենի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սալեհի հաւատարիմ ապահովութեան ուժերը ականանետերէ եւ գնդացիրներէ կրակ բացած են Մոհսենի ուժերուն դէմ: Վերջիններս հակադարձած են եւ երկու կողմերուն միջեւ մէկ ժամ տեւողութեամբ ճակատամարտ մը տեղի ունեցած է, ապա Սալեհի ուժերը նահանջած են: Ներքին գործոց նախարարութիւնը Մոհսենի ուժերը նախայարձակ նկատեց:
Միւս կողմէ, Ատենի մէջ երեք զոհ արձանագրուեցաւ, երբ ապահովական ուժեր կրակ բացին ցրուելու համար Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հեռացումը պահանջող ցոյց մը: