Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Սպանիա Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Էսթոնիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` Սպանիոյ եւ Յունաստանի միջեւ:

Յունաստան, որ մեծ անակնկալ մը ստեղծելով հասած էր աւարտականին, դժուարութեամբ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն:

Սպանիոյ եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ռոտրիկես (80-րդ), որուն շնորհիւ անոր կազմը` Սպանիա հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, հետեւելով Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին իրագործած նուաճումին:

 

Share this Article
CATEGORIES