ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը սէուտական «Օքազ» օրաթերթի հետ զրոյցի մը ընթացքին դատապարտեց երկուշաբթի օր Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումը: Ան նշեց, որ դեսպանատան անձնակազմի ոչ մէկ անդամ կամ անոնց ընտանեկան պարագաներէն ոչ ոք վնասուած է:

Սէուտական Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար դեսպան Ուսամա Նաքլի աւելցուց, որ Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան դէմ կատարուածը բուռն կերպով դատապարտելի է եւ հարց մըն է, որ թագաւորութեան կողմէ լուրջի կ՛առնուի:

Նաքլի նշեց, որ դիւանագիտական առաքելութիւնները միջազգային համաձայնագիրներու աւանդութեանց համաձայն անձեռնմխելիութիւն կը վայելեն եւ որեւէ կողմ պէտք չէ դիւանագիտական այդ անձեռնմխելիութիւնը խախտէ:

Ան «Օքազ»ին յայտնեց, որ դեսպանատունը տեղեակ եղած է տեղի ունենալիք ցոյցէն, ուստի շէնքին մէջ ոեւէ դիւանագէտ չէ գտնուած: Նշենք, որ իրանցի ուսանողներ Պահրէյնի մէջ սէուտական ուժերու միջամտութեան դէմ բողոքի ցոյցի մը ընթացքին սէուտական դեսպանատան վրայ քոքթել մոլոթովներ նետած էին եւ անոր պատերուն Հըզպալլայի դրօշակը փակցուցած:

Share this Article
CATEGORIES