«Ազդակ»-ի Նիւթերը Հասանելի` Ռուսախօս Ընթերցողներուն
Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ քաղաքին մէջ լոյս տեսնող «Կամուրջ» թերթի եւ «Ազդակ»-ի համագործակցութեան շրջագիծին մէջ «Ազդակ»-ի հրատարակած սփիւռքի եւ լիբանանահայ գաղութի վերաբերող նիւթերն ու առաջնորդող մեկնաբանական յօդուածները ռուսերէնի թարգմանութեամբ սկսած են հրատարակուիլ «Կամուրջ»-ի էջերուն եւ առաքուիլ հայկական ռուսատառ կայքէջերուն:
«Կամուրջ» թերթը իր յառաջիկայ թիւերէն մէկը պիտի յատկացնէ լիբանանահայ համայնքին եւ «Ազդակ» օրաթերթին: Այդ առիթով նաեւ կը նախատեսուի Ռուսիոյ մէջ մամլոյ գործիչներու լսարան մը, ուր պիտի ներկայացուի «Ազդակ»-ի անցած 85-ամեայ ուղին:
«Կամուրջ»-ի հետ սկսած համագործակցութեան շնորհիւ «Ազդակ»-ի կարեւորագոյն հրապարակումները կը դառնան հասանելի ռուսերէն ընթերցող նկատառելի համրանքի մը:
http://www.armnn.ru/index.php?option=com_content&view=article&id=1096&Itemid=13

