Գաղութէ-Գաղութ

«Հայաստանի Մշակոյթի Օր»-ուան
Նուիրուած
Ձեռնարկներ

Յորդանան

Յորդանանի մէջ «Հայաստանի մշակութային օրեր» շրջագիծէն ներս 25 յունիսին, Ամմանի Մշակոյթի թագաւորական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Գեղագիտութեան մանկական կեդրոնի տնօրէն, արուեստագէտ Արմենուհի Յարութիւնեան-Իգիթեանի փակցանկարներու ցուցահանդէսի բացում:

Այնուհետեւ, նոյն սրահի գլխաւոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային օրերու պաշտօնական բացումը: Բացման խօսքով հանդէս եկան Յորդանանի մշակոյթի նախարար Սալահ Ժարար եւ Յորդանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան:

Ելոյթներէն ետք ներկաները ունկնդրեցին հայ անուանի երգահան, Երեւանի պետական երաժշտանոցի փրոֆ. Ռուբէն Ալթունեանի ղեկավարած ժողովրդական գործիքներու խումբին եւ պատանի քանոնահար, միջազգային մրցանակներու դափնեկիր Նարեկ Կազազեանին ելոյթները:

26 յունիսին հայ երաժիշտները Քարաք քաղաքի «Հասան» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, հայ եւ յորդանանցի հանդիսատեսի ուշադրութեան ներկայացուցին հայկական ժողովրդական ու ազգագրական երգն ու պարը: Նոյն օրը, Ամմանի Մշակոյթի թագաւորական կեդրոնի սենեկային դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Յորդանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի «Հայ-արաբական պատմամշակութային յարաբերութիւնները» թեմայով դասախօսութիւնը` արաբերէնով:

Դասախօսութիւնը լայն արձագանգ գտաւ Յորդանանի գիտական եւ մշակութային շրջանակներուն մէջ եւ արտատպուեցաւ յորդանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու մէջ: Յորդանանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանին տուած երկու հարցազրոյցներուն ընթացքին Հայաստանի դեսպանը անդրադարձաւ հայ-արաբական յարաբերութիւններուն ու Յորդանանի մէջ մշակոյթի օրերու իրականացման:

29 յունիսին Իրպիտ քաղաքի մշակոյթի պալատին մէջ, տեղի ունեցաւ Յորդանանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու պաշտօնական փակման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց համերգ մը:

Վիեննա

Կազմակերպութեամբ «Էներգիայի համայնք» կազմակերպութեան, մասնակցութեամբ  Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան, Վիեննայի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ` «Ինոկէյթ»-ի, 5 յուլիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի օր» ձեռնարկը:

Ձեռնարկին  մասնակցողները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան Հայաստանի ուժանիւթային ծիրին մէջ տիրող իրավիճակին, զարգացումներուն, հեռանկարներուն եւ համագործակցութեան հնարաւոր երեւոյթներուն  մասին: Հայաստանի  ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Արեգ Գալստեան ընդգծեց, որ Հայաստան նպատակ ունի անդամակցիլ «Էներկիայի համայնք» կազմակերպութեան:

Ձեռնարկի ընթացքին 2 կողմերը համաձայնեցան կարգ մը ոլորտներու մէջ կիրարկել կազմակերպութեան գլխաւոր համաձայնագիրը:

Կողմերը համաձայնեցան միասին աշխատիլ եւ եզրեր  փնտռել` տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ:  Այդ նպատակով «Էներգիայի համայնքի» քարտուղարութիւնը կը մշակէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան յատուկ գործողութիւններու ծրագիր, իսկ հայ փորձագէտներն ու պաշտօնեաները կը մասնակցին կազմակերպութեան կառոյցներու, աշխատանքային խումբերու եւ սեմինարներու աշխատանքներուն:

Իտալիա

4 յուլիսին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի  դեսպանութիւնը, հայաստանեան «Ֆեսթա թուր» օդանաւային ընկերութեան աջակցութեամբ, Հռոմի  ֆիլհարմոնիք ակադեմիայի ամէնամեայ`  «Յուլիսեան այգիներ» փառատօնի շրջագիծին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեց  «Հայաստանի օր» մշակութային ձեռնարկներու շարք մը:

«Հայաստանի օր»-ուան շրջագիծին մէջ ցուցադրուեցաւ իտալացի լրագրող Փիերօ Մարացոյի  «Արարատի զաւակներ» վաւերագրական ժապաւէնը, տեղի ունեցան դաշնակահարուհի Լիլիթ Խաչատրեանի եւ սոփրանօ Ագնեսա Գիւրջեանի, ինչպէս նաեւ Գէորգ Տապաղեանի ղեկավարած տուտուկահարներու եռեակի համերգները:

Յայտնենք, որ այս տարի Հռոմի ֆիլհարմոնիք ակադեմիայի «Յուլիսեան այգիներ» փառատօնին  իրենց   մասնակցութիւնը բերին  նաեւ Նորվեկիան, Աւստրիան եւ Իրանը:

 

Ատրպատական

Կաթողիկոսական Փոխանորդին Այցը
Սալմաստի
Չորս Եկեղեցիները

Ատրպատականի հայաթափ շրջաններուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ ազգային կալուածներու ներկայ իրավիճակով հետաքրքրուելու նպատակով կատարած իր այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, 22 յունիսին, Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան ուղղուեցաւ Սալմաստ քաղաքը,  ուր  այցելեց 4 եկեղեցիներ` Ս. Զօրավար, Ս. Գէորգ, Ս. Ամենափրկիչ եւ Ս. Յովհաննէս:

 

Հնդկաստան

Կալկաթայի Ճեմարանին Փայլուն
Յաղթանակը

7 յուլիսին Ս. Էջմիածնի հովանաւորութեան տակ գործող Հայոց մարդասիրական ճեմարանի (Կալկաթա, Հնդկաստան) ռիւկպիի խումբը «Սենթենըրի» բաժակի առաջնութեան եզրափակիչ հանգրուանին  յաղթեց «Մէյտըն Հեզըրտ» խումբին:

Խաղի ընթացքին երկու խումբերն ալ իրենց լաւագոյնը դրսեւորեցին` ցուցադրելով ռիւկպիի մէջ ունեցած իրենց հմտութիւնն ու վարպետութիւնը:

Աւարտին, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի խումբը  27-05 արդիւնքով նուաճեց «Սենթենըրի» բաժակը:

Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան փայլուն յաղթանակին համար շնորհաւորեց խումբի մարզիչ Արմէն Աբելեանը եւ բոլոր մարզիկները` մաղթելով նորանոր նուաճումներ:

 

Ֆրանսա

Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին
Փայլուն
Յաջողութիւնները
Ֆրանսական
Պաքալորէայի Քննութիւններուն

Մարսէյի Ճեմարանի պաքալորէայի քննութիւններուն ներկայացած 16 աշակերտներն ալ  յաջողած են (100%):

Գիտական բաժնի աշակերտներն են. Ակոյեան Մարիոն (լաւ), Պլան Ալեքս, Էշահամեան Ժատ, Յարութիւնեան Ֆապիէն, Լանօ Աստղիկ (շատ լաւ), Սերովա Վըրժինէ, Եալիք Ծովիկ:  Տնտեսագիտական բաժնի աշակերտներն են. Առաքելեան Հիլտա (բաւական լաւ), Պարոգնեան Մարկրիթ (բաւական լաւ), Պասմաճեան Վարդենի (բաւական լաւ), Նաճարեան Քրիսթինա (բաւական լաւ), Օտեմիշ Մարիձա (բաւական լաւ), Թալասլեան Մորկան (բաւական լաւ), Եալիք Աւագ, Եալիք Սելինա (լաւ), Երեմեան Քեւին:

 Արցախի Պարի Պետական Համոյթը

6-14 յուլիսին Մարսէյի Կոմպերի ամրոցին մէջ տեղի ունեցաւ պարի ազգագրական փառատօն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պարի պետական համոյթը:

Նշենք, որ 2 յուլիսին հայկական կազմակերպութեանց համակարգի տնօրինութեամբ եւ Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ, Վալանս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համոյթին անդրանիկ ելոյթը: Այս առթիւ ներկայացուեցաւ «Արցախ. հայկական աւանդոյթներու եւ արուեստի այգի» գիրքը` նուիրուած Արցախի անկախութեան 20-ամեակին: Դասախօսութիւններով հանդէս եկան պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան եւ Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, որոնք անդրադարձան Արցախի հարուստ մշակութային ժառանգութեան:

3 յուլիսին Ֆրանսայի Վիլէօրպան քաղաքի մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի պարի պետական համոյթին յաջորդ ելոյթը: Ելոյթէն առաջ Քլոտ Մութաֆեան եւ արուեստի պատմութեան մասնագէտ Տիգրան Գույումճեան ներկայացուցին Արցախի պատմութեան եւ մանրանկարչական արուեստը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Վիլէօրպանի քաղաքապետ Ժան-Փոլ Պրեթ:

Յայտնենք,  որ Արցախի պարի պետական համոյթին յաջորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Էքս-ան-Փրովանս քաղաքին մէջ:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Մաշտոց» Քոլեճի 20-Ամեայ
Հունձքը

«Մաշտոց» քոլեճի 2012-ի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ 24  յունիսին,  քոլեճի սրահին մէջ:

Քոլեճի հիմնադիր եւ տնօրէն տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց քոլեճին գոյութեան քսան տարիներու գործունէութիւնը, ցարդ ունեցած շրջանաւարտներու հոյլը եւ անոնց ձեռք բերած յաջողութիւնները:

Այնուհետեւ մանկավարժութեան եւ հայագիտութեան բաժիններու շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայագրերը:

Մանկավարժութեան շրջանաւարտներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Անի Եափունճեան, որ հիացմունք արտայայտեց քոլեճի օգտակար ծրագիրներուն, տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին, դասաւանդութեան եղանակին եւ ջերմ ու հարազատ միջավայրին մասին: Այնուհետեւ, հայագիտութեան բաժնէն Արմիկ Քեսապլեան-Տէր Ղուկասեան եւ Կարին Քեսապլեան գոհունակութեան, հպարտութեան եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեցին քոլեճի տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմին:

Հայագիտական բաժնի երկարամեայ վարիչ եւ դասախօս տոքթ. Օննիկ Հայրապետեան խօսք առնելով` յորդորեց ներկաները,  որ քոլեճի դեսպաններն ու մունետիկները հանդիսանան եւ իրենց վառ տպաւորութիւնները փոխանցեն իրենց շրջապատին, ինչպէս նաեւ քաջալերեն բարեմիտ ու ազգասէր մարդոց զօրավիգ կանգնելու եւ նիւթապէս հովանաւորելու քոլեճին, որուն գործունէութիւնը ուղղուած է հայոց լեզուի ու մշակոյթի անաղարտ պահպանման եւ հայապահպանութեան կարեւոր ճիգերուն:

Աւարտին  տոքթ. Օննիկ Հայրապետեան «Մաշտոց» քոլեճին եւ հայագիտական բաժնի ծրագիրներու մշակման ու դասաւանդութեան նկատմամբ իր ունեցած երկարամեայ վաստակին ու նուիրումին համար պարգեւատրուեցաւ  յատուկ գնահատագրով, Քնար Թիւթիւնճեան քոլեճի մանկավարժական բաժնին մէջ սիրայօժար դասաւանդելուն համար արժանացաւ առանձին գնահատանքի, իսկ Արփի Արփաճեան, որ քոլեճի մանուկներու խնամքի նորաբաց կեդրոնին տնօրէնուհին է, նոյնպէս արժանացաւ գնահատագրի:

«Անմահները» Հատորին Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 28 յունիսին առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութաբան Ալիս Նաւասարգեանի «Անմահները» գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը ներկայացուց առաջնորդարանի գրադարանի պատասխանատու-տնօրէն եւ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական ժողովներու առաջնորդին ներկայացուցիչ Հայկ Մատոյեան, որ յայտնեց, թէ գիրքը 530 էջերէ կազմուած աշխատութիւն մըն է, որ բաղկացած է հիմնական 2 մասերէ. ա) Հայաստանի ընդհանուր պատկերը բ) Պարսկաստանի հայ գաղութին մէջ իրենց անուրանալի հետքը ձգած մեծանուն անձերու մասին: Ան յայտնեց, թէ գիրքին մէջ, Պարսկաստանի տարածքի մասին տեղեկութիւններու կողքին, կան նաեւ Հնդկաստանի, Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներու մէջ իրենց ազդեցութիւնը ձգած իրանահայերու մասին:

Ան նկատել տուաւ, որ գիրքը փաստավաւերագրական աշխատութիւն մըն է` նուրբ եւ կշռադատուած վերլուծումներով եւ կը բովանդակէ հանրագիտական ծաւալուն նիւթեր:

Գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ արուեստը եւ մշակոյթը մարդուն կեանքը հրաշագործող բացառիկ շնորհներն են, աւելցնելով, որ հեղինակը իր կեանքը արուեստով արժեւորող այն բացառիկ անձնաւորութիւնն է, որ խոնարհած է հոգեւոր արժէքներու առջեւ եւ արուեստի ճաշակը հաղորդած է իր զրուցակիցներուն: Ապա շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հատորին հեղինակ Ալիս Նաւասարգեան:

Աւարտին, խմբագիր Օշին Քէշիշեան կատարեց գիրքին գինեձօնը:  Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աթոմ Էկոյեանի Բեմադրած Օփերայի
Առաջին
Ներկայացումը Նիւ Եորքի Մէջ

5 յուլիսին տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի «Լինքըլն» կեդրոնի փառատօնին բացումը, որ պիտի երկարի մինչեւ 5 օգոստոս:

26 յուլիսին քանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան պիտի ներկայացնէ իր «Ֆենկ եի թինկ» օփերային բեմադրութիւնը:

Օփերան կը պատմէ չինական խան արքայական ցեղի ժամանակաշրջանին ապրած առասպելական պալատական գեղուհի Տիաօ Չանի` սիրոյ համար ծաւալած պայքարին մասին:

Օփերային մէջ կ՛արծարծուին սիրոյ, քաղաքական մեքենայութիւններու եւ կաշառակերութեան նիւթերը: Հեղինակն է յօրինող Կուն Վենճինկ:

Բեմադրութեան համար Էկոյեան օգտագործած է չինական հանրայայտ թերակոտէ բանակի արտաձգութիւնները: Նաեւ օգտագործած է աւանդական պուպրիկներու (տիկնիկային) թատրոնի ստուերները եւ շարժող լուսագրեր:

 

Արժանթին

Փառատօն–Համերգ

Հովանաւորութեամբ քաղաքի կառավարութեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի  դեսպանութեան,  կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ Պուենոս Այրեսի մասնաճիւղին, 7 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Պուենոս Այրեսը կը տօնէ Հայաստանը» խորագրով փառատօն-համերգ:

Քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ տեղադրուած բեմին վրայ հանդէս եկան Նիւ Եորքի «Շուշի» պարախումբը, ամերիկահայ երաժիշտներ եւ երգիչներ, ինչպէս նաեւ` արժանթինահայ համայնքին մէջ ճանաչում ունեցող «Գայեանէ», «Մասիս» եւ «Նայիրի» համոյթները:

Այս շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթի, պատմութեան եւ խոհանոցին ծանօթացնող շարք մը տաղաւարներու բացում:

 

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES