Հանքային Ջուրը` Դարման
Ո՞ր ջուրի տեսակը կարելի է «հանքային» անուանել:
Բոլորս գիտենք, թէ ջուրը անհրաժեշտ է կեանքի գոյատեւման համար: Կարելի է ըսել, որ ան կեանքի «շունչ»-ն է: Բնական հանքային ջուրի տեսակները ունին նաեւ առողջապահական յատկութիւններ: Ի՞նչ բանով կը յատկանշուի հանքային ջուրը` մարդկութեան կողմէ օգտագործուող այլ ջուրի տեսակներէն.
– Հանքային աղերու եւ սննդարար տարրերու հարստութեամբ:
– Ազդեցութեան իւրայատկութեամբ:
– Բնական անարատութեամբ:
Այս բոլոր լաւ յատկանիշները կ՛ամբողջացնէ անոր աղբիւրը, ուր ջուրը կ՛ամաբարուի հողին ընդերքը եւ կը պահպանուի աղարտման վտանգէ:
Հանքային ջուրը անձրեւի ջուր է, որ սուզուելէ ետք հողին մէջ վերստին կը բարձրանայ երկրին երեսը: Երկրին ընդերքը եղած պահուն ան կը կորսնցնէ եւ կը ստանայ քիմիական եւ կենսաբանական զանազան նիւթեր:
Հանքային բնական ջուրը ուղղակի աղբիւրէն կը լեցնեն` առանց ենթարկելու զայն որեւէ փոփոխութեան: Ծայրագոյն պարագային անոր կ՛աւելցնեն կամ անկէ կը պակսեցնեն քարպոն տարրը` օզոնի միջոցով: Նոյն միջոցին կը դիմեն նաեւ անկէ զտելու կամ դուրս բերելու համար կարգ մը այլ տարրեր, ինչպէս` մանկանեզ, երկաթ, ծծումբ եւ այլն:
Հանքային բնական ջուրը զանազան խումբերու կը բաժնուի` նայած անոր մէջ գտնուող հանքային աղերու քանակին.
– Փոքր քանակութեամբ` մէկ լիթրին մէջ 50 մկ հանքային աղեր պարունակող ջուր:
– Միջակ քանակութեամբ` մէկ լիթրին մէջ 500 մկ հանքային աղեր պարունակող ջուր:
– Մեծ քանակութեամբ` մէկ լիթրի մէջ 1500 մկ եւ աւելի հանքային աղեր պարունակող ջուր:
Նայած իր ժխտական ելեկտրասայրերու` անիոններու բաղադրութեան, հանքային ջուրը հարուստ կ՛ըլլայ պայքարպոնաթով, ծծումբով կամ քլորով:
Ինչպէս նախապէս նշեցինք, հանքային բնական ջուրը հարուստ է սննդարար տարրերով, որոնք օգտակար են մարմնին համար, ինչպէս` երկաթը, քալսիոմը, զինկը, սիլենիոմը, մակնիզիոմը, ֆլորը, փոթասիոմը եւ այլն: Հանքային ջուրի օգտակար յատկանիշներուն մասին հինէն խօսուած է, սակայն գիտականօրէն փաստուեցաւ անոր սննդական արժէքը վերջին 50 տարիներու ընթացքին:
Հանքային ջուրը մարմնին կը հայթայթէ մակնիզիոմ եւ քալսիոմ: Զայն կրնան սպառել անոնք, որոնք այս տարրերուն պակասը ունին իրենց մարմնին մէջ: Հարկ է յիշել, որ հանքային ջուրին մէջ գտնուող քալսիոմը նոյն կենսաբանական քալսիոմն է, որ կը գտնուի կաթին մէջ: Իսկ ֆլորը, որով հարուստ է հանքային բնական ջուրը, մեծ դեր ունի ակռաներու առողջութեան ու մաքրութեան մէջ:
Հանքային բնական ջուրը նաեւ օգտակար է մարսողութեան եւ լեարդի գործունէութիւնը կը բարելաւէ: Փաստուած է, որ պայքարպոնաթով հարուստ հանքային բնական ջուրը անմարսողութիւնը կը փարատէ եւ կը բուժէ:
ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

