«Ասիական Զարգացման Դրամատունը Հայաստանի Մէջ Իր Աշխատանքները Պիտի Շարունակէ» Կ՛ըսէ Դրամատան Փոխնախագահը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Սեաոյու Ժաոն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն նախագահի գրասենեակի մամուլի ծառայութենէն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ասիական զարգացման դրամատան գործունէութիւնը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ ամբողջ ասիական շրջանին մէջ: Նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Սեաոյու Ժաոյի այցելութիւնը խթանէ Հայաստանի հետ դրամատան արգասաբեր համագործակցութեան հետագայ զարգացումը` ուղղուած Հայաստանի տնտեսական կայուն աճի ապահովման ու ենթակառուցուածքներու զարգացման:
Սեաոյու Ժաօ վստահեցուցած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ դրամատունը նոյնպիսի ջանադրութեամբ պիտի շարունակէ աշխատանքները Հայաստանի մէջ եւ հաւատարիմ պիտի ըլլայ իր յանձնառութեան:
Ան նշած է, որ այժմ Հայաստանի կառավարութեան հետ միացեալ աշխատանքներ կ’իրականացուին միջազգային հանրութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհային միջանցքի կառուցման ուղղութեամբ: Զրուցակիցներուն բնորոշմամբ, Հայաստանի տնտեսութեան համար առանցքային նշանակութիւն ունեցող այդ ծրագիրին իրագործումը զգալիօրէն պիտի խթանէ նաեւ այլ ոլորտներու զարգացումը:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատուած է դրամատան օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը հեռանկարային այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, զբօսաշրջութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, հանքարդիւնաբերութիւնը, քիմիական արդիւնաբերութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ երկրի տնտեսական առաջնահերթութիւններ նկատուող այլ ոլորտներու մէջ, որոնք տեղ պիտի գտնեն Հայաստանի կառավարութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան կողմէ հաստատուելիք համագործակցութեան ռազմավարական ծրագրին մէջ:


