Վաչէ Ծատուրեան Իր Մասնակցութիւնը Բերաւ 2012-ի Ֆրանսական-Քանատական Ողիմպիական Յանձնախումբերու Տարեկան Համագումարին

Վերջերս, Մոնրէալ (Քանատա) հիւրընկալեց 2012-ի ֆրանսական-քանատական ողիմպիական յանձնախումբերուն տարեկան համագումարը: Այս համագումարին Լիբանանը կը ներկայացնէր Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:

Այս համագումարին ընթացքին հինգ նոր երկիրներ` Մոնաքօ, Ռումանիա, Յունաստան, Ալճերիա եւ Կինէա, միացան անոր:

Ապա, կարգ մը տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ներկաներուն, ինչ կը վերաբերի 6-15 սեպտեմբեր 2013-ին ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու 7-րդ խաղերուն:

Վերջապէս, որոշուեցաւ յաջորդ համագումարը կայացնել Նիսի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենան Ֆրանսախօս երկիրներու 7-րդ խաղերը:

 

Share this Article
CATEGORIES