ԷՀԼԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԻ 1560-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ «Էհլան» ընկերային կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 4 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի «Էհլան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտի 1560-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսութիւն:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Շողիկ Եփրեմեան, որ ընթերցեց Համբիկ Մարտիրոսեանի «Աւարայրէն մինչեւ Շուշի» գրութիւնը: Եփրեմեան ըսաւ, որ աւելի քան մէկուկէս հազարամեակ անցած է եւ տակաւին հայերը նոր դառնութեամբ կը յիշատակեն Վարդանանցը` վերարժեւորելով ճակատամարտին ազգային խորհուրդը:
Եփրեմեան աւելցուց, որ Վարդան Մամիկոնեան նետուեցաւ անհաւասար պայքարի մէջ եւ արձանագրեց յաղթանակ, որ շարունակուեցաւ Սարդարապատով` շնորհիւ հայութեան միակամ ոգիին: Ապա խումբ մը աշակերտներ արտասանեցին Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»էն հատուածներ:
Օրուան պատգամաբերն էր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ եթէ Վարդանանց հերոսները իրենց սրտերուն մէջ չունենային հայրենասիրութեան ոգի ու շունչ, ապա ճակատամարտին օրը չէին կրնար ընտրել մահը` փոխան կրօնափոխութեան: Սարգիսեան ըսաւ, որ անոնք հաւատքի գիտակցութեամբ գացին իրենց կեանքը նուիրելու քրիստոնէութեան ու հայրենիքին:
Տէր հայրը շեշտեց, որ նիւթեղէն հարստութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հաւատքի եւ հայրենիքի գաղափարները մնայուն արժէքներ են: Ան կոչ ուղղեց Վարդանի ոգիով շարունակելու երթը` հեռու մնալով աղաւաղող հոսանքներէն եւ կառչելով քրիստոնէական դաստիարակութեան, հայութեան հարստութիւններուն եւ ընտանեկան սրբութիւններուն: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան հաստատեց, որ Վարդանանքը իւրաքանչիւր հայու ուխտին վերանորոգման լաւագոյն առիթն է:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբը երգեց երեք շարականներ, որոնցմէ վերջինին Ֆլիւթով ընկերակցեցաւ Լորի Եափուճեան:
Վարդանանց տօնակատարութեան աւարտին «Էհլան» ընկերային կեդրոնի պատասխանատու Անի Պուճիքանեան մրցանքի մը մասնակիցներուն բաժնեց գիրք-նուէրներ: