Հաղորդագրութիւն. 19 Լիբանանահայ Աշակերտներ Մեկնեցան Եռնային Ղարաբաղ` Մասնակցելու «Ասպետ» Ճամբարին

Երրորդ տարին ըլլալով` «Արցախ ֆոնտ»-ին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ ու վերջինիս հրաւէրով, Լիբանանի մէջ հայկական դպրոցներու աշակերտներ երէկ երեկոյեան ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու համար «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին:

Ճամբարի գործունէութեանց ծիրին մէջ, լիբանանահայ վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտները առիթը պիտի ունենան կապ հաստատելու իրենց տարեկից արցախցի երիտասարդներու հետ` մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական ու մշակութային արժէքներուն, այցելելու բանակի զօրամասերը եւ մօտէն ծանօթանալու հայ զինուորի առօրեային:

Այս բոլորին զուգահեռ լիբանանահայ երիտասարդները անգամ մը եւս պիտի հաստատեն, որ սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս` լիբանանահայութիւնը, զօրավիգ է ու մասնակից` Արցախի պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման:

Նշենք, որ այս տարի լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններէն 19 աշակերտներ պիտի մասնակցին Արցախի «Ասպետ» աւանդական ճամբարին, որ տարեկան հերթականութեամբ նախարարութեան կողմէ կը կազմակերպուի Արցախի Այգեստան գիւղին մէջ:

«Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին մասնակցող լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններն են.

– Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
– Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ
– Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ
– ՀԲԸՄ-ի Դ. Յակոբեան-Յովակիմեան Մանուկեան վարժարան
– Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
– Հայ կաթողիկէ «Գ. Հարպոյեան» բարձրագոյն վարժարան
– Հայ Աւետարանական քոլեճ
– Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարան

 

 

Share this Article
CATEGORIES