Փութին Տաւութօղլուին Ձեռքով Կանչած Է
Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումին ժամանակ Փութին իր մօտ ձեռքով կանչած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն:
Փաստօրէն նախագահներուն մօտ զինք ձեռքով կանչելը սովորութիւն դարձած է: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւս Էրտողանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին մատով իր մօտ կանչած էր Տաւութօղլուն:
Թուրքերը Փութինի արարքը եւս իրենց արտաքին գործոց նախարարին նկատմամբ անարգանք նկատած են:
CATEGORIES Միջազգային

