Լիբանանի Դիմագրաւած Ներկայ Կացութիւնը Նուազագոյն Խորհրդակցութեան Կարիքը Ունի
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ իրադարձութիւնները նուազագոյն խորհրդակցութեան եւ երկխօսութեան կարիքը ունին: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ արագ միջոցառումներու դիմելու եւ յատկապէս սուրիական իրադարձութիւններէն հեռու մնալու:
Ժեմայէլ լուսարձակի տակ առաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի կեցուածքը, նշելով, որ այդ կեցուածքը` կասկածի տակ կ՛առնէ Ազգային երկխօսութեան նիստերուն շարունակութիւնը:
Նշենք, որ Ռաատ յայտնած էր, թէ Լիբանան տակաւին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու հանգրուանին մէջ չէ, այլ` բռնագրաւուած հողերու ազատագրութեան:
Նշենք, որ Ժեմայէլ նախանցեալ օր առաջին անգամ ըլլալով այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ եւ Ժահժահ շեշտեցին, որ բանակին զօրակցութեան արշաւները վտանգաւոր են:

