50 Տարի Առաջ ( 21 Յուլիս 1962 )
Խմբագրական
Պաալպեքի Փառատօնը
Եօթը տարիէ ի վեր (բացառութիւն կազմեց 1958-ը` հասկնալի պատճառներով), Լիբանան, յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն ժամադրավայրը կը հանդիսանայ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու` դերասան, երաժիշտ, պարող եւ այլն, որոնք Պաալպեքի անիրական աշխարհին մէջ կու գան, իրենց արուեստին կախարդանքովը խօսիլ Աստուածներու հետ, անոնց ու երբեմն ալ հասարակ մահկանացուներու ընտրանիի մը հասկնալի լեզուով:
Պաալպեքի փառատօնը, որ Լիբանանի միջազգային համբաւին փայլը աւելցնող գերազանցապէս մշակութային եւ արուեստի գնահատելի ձեռնարկ մըն է, խումբ մը բարեացակամ լիբանանցիներու վառ երեւակայութեան եւ ձեռներէցութեան ոգիի տէր մտաւորականներու պատուաբեր արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ` վայելելով անվերապահ աջակցութիւնը պետութեան, որ այս փառատօնին մէջ կը տեսնէ Լիբանանի էութեան հաւատարիմ մնալու, Լիբանանի կոչումը լաւապէս արդարացնելու լաւագոյն միջոցը:
Արդարեւ, արեւմտեան եւ արեւելեան քաղաքակրթութեանց քառուղիին վրայ Լիբանան, Պաալպեքի փառատօնով, ամէն տարի Եւրոպայի հաղորդութիւնը կը բերէ Արեւելքի լուսածարաւ հոգիներուն` շաղկապելով զանազան ժողովուրդներու արուեստի լաւագոյն արտայայտութիւնները:
Եօթը տարիէ ի վեր Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ լաւագոյն թատերախումբերը, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ աշխարհահռչակ նուագախումբերը եւ տակաւին` եւրոպական բեմերու վրայ համբաւի տիրացած պարախումբերը, առանց խօսելու «Ձայնի եւ լոյս»-ի պարիկային արուեստի մասին, Արամազդի եւ Բագոսի տաճարներուն մէջ արուեստի պատարագը կը մատուցեն, արուեստասէր հասարակութեան մը ծարաւը կը յագեցնեն` լեզու տալով հնադարեան աւերակներուն, որոնք անյիշատակ ժամանակներու փառքը կը պատմեն, մեծ նախնիքներու վիթխարի գործերէն կը խօսին` նուիրագործուած մեհեաններու գերիրական աշխարհը փոխադրելով արուեստագէտ թէ արուեստասէր:
Պաալպեքի փառատօնին պատասխանատուները չեն մոռնար նաեւ տեղական գոյնով մը ճոխացնել միջազգային արուեստի հարազատ արտայայտութիւնը եղող այս ձեռնարկը: Արդարեւ, աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր Պաալպեքի փառատօնին յայտագրին մաս կը կազմեն լիբանանեան գեղջկական պարեր ու երգեր, որոնք խանդավառ բազմութիւններու ալիքով մը կ՛ողողեն Պաալպեքի աստուածակոխ աւերակները:
«Պաալպեքի փառատօնի պարախումբը» անուան տակ, լիբանանցի անուանի երգիչներու եւ երգչուհիներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երաժիշտներու ընկերակցութեամբ, խումբ մը աղջիկներ ու տղաք ոչ միայն կ՛ոգեւորեն Պաալպեքի գիշերները, ոչ միայն հաճելիօրէն կը խզեն հնադարեան աւերակներու աստուածային լռութիւնը, այլ նաեւ տարուան մէջ Լիբանանի համբաւը կը պտտցնեն երկրէ երկիր, բոլոր հորիզոններու տակ, Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպա` քաղաքակիրթ մարդկութեան լուսաւոր ոստաններուն մէջ, հաստատելու համար մեծութիւնը այս փոքր երկրին, որ նիւթապաշտ այս դարուն գիտէ բարձր բռնել արուեստի ջահը եւ արժեւորել իր տոհմիկ հարստութիւնները:
Հայերը եւս անմասն չեն մնար արուեստի այս բարձրորակ արտայայտութենէն: Բացի լիբանանահայ բազմաթիւ արուեստագէտներէ, որոնք իբրեւ երաժիշտ կը մասնակցին այս փառատօնին, այլ գաղութներէ անուանի հայ արուեստագէտներ, ինչպէս` Մանուկ Բարիքեան, կը հրաւիրուին կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ` իբրեւ աշխարհահռչակ հեղինակութիւններ:
Բացի այդ, կը գնահատուին նաեւ հայ արուեստագէտներու գործեր, ինչպէս` Արամ Խաչատուրեան, Ալան Յովհաննէս եւ ուրիշներ, որոնց ստեղծագործութիւնները կ՛արժանանան լաւագոյն երաժիշտներու մեկնաբանութեան:
Աւանդութեամբ հարուստ միջազգային փառատօներու կողքին, Պաալպեքի փառատօնը գրաւած է արդէն արժանի տեղ մը, որ հետզհետէ աւելի պիտի նուիրագործուի` իբրեւ արուեստի մեծ նուաճում:

