Ասիր. «Նստացոյցին Վերջ Պիտի Չտանք, Մինչեւ Հըզպալլայի Զինաթափումը»
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ ռամատանի առաջին օրուան առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ ռամատանը սիրոյ եւ ներողամտութեան ամիսն է, եւ այդ առումով ան կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` իր զէնքը յանձնելու լիբանանեան պետութեան:
Շէյխ Ասիր շեշտեց, որ ինք այդ նստացոյցին վերջ պիտի չտայ, մինչեւ Հըզպալլայի զինաթափումը:
Ասիր հաստատեց, որ ինք լիբանանեան բանակին կը զօրակցի, սակայն կոչ կ՛ուղղէ նաեւ պատժելու յանցագործները:
CATEGORIES Լիբանանեան

