ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ – ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հանդիպում մը ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
«Զօր. Քահուաժի քաղաքական ոչ մէկ ղեկավարի հետ հանդիպում ունեցած է եւ ոչ մէկուն հետ բանակին վերաբերող հարցերը քննարկած», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակին հրամանատարութիւնը իր վարուելակերպին եւ դերակատարութեան մէջ կը հետեւի պաշտօնական բոլոր չափանիշերուն գործադրութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

