Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ 16 Օգոստոսին
Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ազգային երկխօսութեան այսօրուան նիստը յետաձգուած է յառաջիկայ 16 օգոստոսին` նկատի ունենալով յաւելեալ խորհրդակցութեանց կարիքը:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրին իր յատուկ պատուիրակը գործուղեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի մօտ` իմանալու համար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն որոշումը` Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու առումով, ինչպէս նաեւ Սինիորային ներկայացնելու անցեալ շաբաթ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ապահովական նիստին արդիւնքները:
Հանդիպումին ընթացքին Սինիորա յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջները կատարուած չեն եւ տակաւին անյստակ ու անորոշ հարցեր կան` հեռաձայնային հաղորդակցութեանց վերաբերող տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն յանձնելու առումով, հետեւաբար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն մասնակցիլ Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդվզում յայտնեց սուրիական բանակին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն եւ Մաշարիհ Քաայի մէջ սուրիական բանակին կողմէ տուն մը պայթեցնելու արարքին դէմ:
Հանրապետութեան նախագահը արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն պահանջեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի յանձնել բողոքագիր մը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան յանձնարարեց նման ոտնձգութիւններու եւ սահմանային խախտումներու առաջքը առնել:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ պետական մարզը պետութեան հիմքն է եւ կարելի չէ զայն անկէ անջատել: Ան նշեց, որ երկրին մէջ ծրագրուած նստացոյցերը կը կատարուին այն հանգրուանին, երբ պետութիւնը կը սերտէ լիբանանցիին ապրուստի պայմանները բարելաւել, աշխատավարձի յաւելումներ յատկացնել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան գոյատեւումը ապահովել:
Իբրեւ պետութեան եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն պաշտպանը, նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն նկատի ունենալու ներկայ պայմանները եւ յետս կոչելու նստացոյց, գործադուլ եւ ցոյց կատարելու իրենց որոշումը:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա` իր հանգստեան կոչուելուն առիթով:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, որ հանրապետութեան նախագահին յանձնեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատէն շնորհաւորական նամակ մը` 2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին առիթով: Քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:


