«Ֆրանսայի Հայկական Համայնքի` Հոլլանտի Հետ Առաջին Հանդիպումը Հաւանաբար Տեղի Ունենայ Մինչեւ 31 Յուլիս» Կ՛ըսէ Հրաչ Վարժապետեան

Հրաչ Վարժապետեան

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Ֆրանսայի հայկական համայնքի` երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ առաջին հանդիպումը հաւանաբար տեղի ունենայ մինչեւ 31 յուլիս` նշելով, որ ճշգրիտ օրուան վերաբերեալ քննարկումները տակաւին կը շարունակուին:

Ան նշած է, որ նախագահի հետ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի միայն մէկ կէտ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը անգամ մը եւս խորհրդարանին ներկայացնելու հարցը: «Հոլլանտ տասը օր առաջ անգամ մը եւս վերահաստատեց, որ հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն այս օրինագիծը պէտք է ներկայացուի խորհրդարանին», ըսած է Վարժապետեան:

Ըստ անոր, ընթացակարգը նոյնը պիտի ըլլայ` խորհրդարանին մէջ քննարկում, ապա` ծերակոյտին մէջ, որմէ ետք նախագահը պէտք է օրինագիծը վաւերացնէ` առանց սպասելու, որ բողոքարկուի եւ ուղարկուի Սահմանադրական խորհուրդ:

Անդրադառնալով այն լուրերուն, ըստ որոնց` Հոլլանտ չի պատրաստուիր իր նախընտրական խոստումը յարգելու, Վարժապետեան հաւաստիացուցած է, որ այդ ամէնը թրքական մամուլի ձեռքի գործն է: «Ցաւալի է, որ երբեմն հայկական եւ սփիւռքի մամուլը կը տարածեն այդ լուրը` առանց ստուգելու ապատեղեկատուութի՞ւն է, թէ՞ ոչ: Թուրքիոյ կողմէ նման լուրերու տարածման նպատակը նախագահ Հոլլանտի հետ հայ համայնքի լաւ յարաբերութիւնները խոչընդոտելն է», շեշտած է ան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին համոզումով` Թուրքիա կ՛ուզէ նաեւ խարխլել ֆրանսահայ համայնքին ներքին միասնականութեան հիմքերը: «Երկու պարագային ալ իրենց նպատակները իրագործել պիտի չյաջողին, որովհետեւ Թուրքիոյ առջեւ քաղաքական փորձառութիւն ունեցող հայ համայնքի ղեկավարութիւնն է: Մենք կը շարունակենք մնալ վճռական եւ համոզուած, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի իրականացնէ իր նախընտրական խոստումը, եւ ուշ կամ կանուխ այդ օրինագիծը Ֆրանսայի Հանրապետութեան տարածքին պիտի վերածուի օրէնքի», ընդգծած է Վարժապետեան:

 

Share this Article
CATEGORIES