Դեսպան Քոչարեան Կ՛ընդունի Հայ Ոսկերիչներու Համաշխարհային Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը

21 յուլիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ընդունեց Պէյրութի մէջ աշխատանքային այցելութեամբ գտնուող Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Արտակ Ուդումեանը:

Հանդիպման ընթացքին Ուդումեան ներկայացուց այցելութեան նպատակներն ու արդիւնքները, ընդգծեց լիբանանահայ ոսկերիչներու հետ համագործակցութեան եւ աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ոսկերիչներու համաշխարհային ցուցահանդէսին անոնց մասնակցութեան կարեւորութիւնը:

Պէյրութ կատարած այցելութեան շրջանակներուն մէջ Ուդումեան հանդիպումներ ունեցած է հայ ոսկերիչներու լիբանանեան մասնաճիւղի խորհուրդի անդամներուն հետ, ներկայացուցած է Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային ընկերակցութեան Կեդրոնական խորհուրդի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, ծանօթացած է նախատեսուող հետագայ ծրագիրներու մանրամասնութիւններուն եւ նշած այլ երկիրներու մէջ տեղակայուած խորհուրդներու հետ համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:

Ուդումեան մասնակցած է երիտասարդ ոսկերիչներու հաւաքին, այցելած է շարք մը ոսկերչական գործարաններ եւ հանդիպումներ ունեցած լիբանանահայ համայնքի տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Այնճար հայաւանին մէջ Այնճարի քաղաքապետին եւ այնճարցի ոսկերիչներուն հետ տեղի ունեցած է մտքերու փոխանակում հետագայ համագործակցութեան հեռանկարներուն առնչութեամբ: Լիբանանահայ ոսկերիչները գոհունակութիւն յայտնած են տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներէն եւ յայտնած իրենց շահագրգռութիւնը Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք երրորդ համաշխարհային ցուցահանդէսին մասնակցելու առնչութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES