Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Խուրին Եւ Շարպելը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի ապականումի նուազեցման վերաբերող խնդիրներ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական վիճակը պահպանելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին յատուկ աղբիւրներ նշեցին, որ նախագահ Սլէյման Ազգային երկխօսութեան նիստին յետաձգումը յայտարարած է խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալէ ետք:
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ երկուշաբթի, 30 յուլիսին, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահէ երկրի ապահովական կառոյցներու պետերուն յատուկ երկրորդ նիստի մը:


